Անոնք որոնք քանի մը տարի առաջ Երեւանի Վերնիսաժը կ’այցելէին, հաւանաբար հանդիպած ըլլալու են միջին տարիքի ամբողջովին հայկական տարազով հանդերձաւորուած տիկնոջ մը, որ հակառակ Երեւանի շատ տաք օդին, կը մնար վրայէ վրայ հագած իր տարազին բաղադրիչներով:
Այդ տիկինը գեղանկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցին էր, որ աւելի հռչակաւոր դարձեր էր հայկական տարազի իր մեծ հաւաքածոյով, որուն կենդանի ներկայացուցիչն էր ինք:
Լուսիկ (Յարութիւնեան) Ագուլեցին ծնած է 1946-ին, Նախիջեւանի Ագուլիս քաղաքը։ 1953-ին ընտանիքով տեղափոխուած է Երեւան։
Իր տունը, որ Սասունցի Դաւիթ կայարանին մերձակայքը կը գտնուէր, ա՛լ չէր բաւեր պարփակելու իր օր ըստ օրէ աւելցող եւ բարգաւաճող հաւաքածոն՝ հայկական տարազի բոլոր բաղկացուցիչները՝ գոգնոց, բաճկոն, շապիկ եւ այլն, գլխարկներ, արծաթեայ եւ մետաքսեայ գօտիներ եւ մեծ քանակութեամբ արծաթեայ զարդեր:
Սակայն Լուսիկ Ագուլեցին մահացաւ 2018 թուականին եւ իր բացակայութիւնը Վերնիսաժէն տաքուկ գոյն մը գողցաւ կարծէք:
Երեւանի մէջ կային  քանի մը երիտասարդ տիկիններ, որոնք հայկական ազգային տարազին տարրերով կնոջական նորօրեայ հագուստներու ձեւաւորումներ կ’ընէին եւ կ’իրագործէին: Վստահ չեմ թէ անոնք կը շարունակեն իրենց շատ ինքնուրոյն աշխատանքը:
Երբ Մոնրէալ գացի եւ տեսայ ծայրայեղ հրեաները (հասիտիք) մի՛շտ իրենց աւանդական տարազով, հասկցայ թէ ինչո՛ւ արաբները եւս յամառօրէն կը շարունակեն ստիպել իրենց կիները, որ լաչակ կրեն: Ի վերջոյ «աւանդական» է ատիկա իրենց կրօնքին համար, թէեւ իսլամութեան սկիզբի շրջանին պարտադիր չէր, նոյնիսկ սովորութիւն չէր լաչակ կրելը:
Ինչո՞ւ կարգ մը խմբաւորումներ կը շարունակեն իրենց աւանդական տարազով ապրիլ, մինչ ուրիշներ արդէն վաղուց անցած են եւրոպական զգեստներուն, որոնք նուազ են իրենց քանակով ու բարդութեամբ եւ շատ աւելի գործնական են կրելու թէ մաքրելու տեսակէտներէն:
Տարազները, սակայն, իրենց մէջ կը խտացնեն ազգի մը յատկութիւնները եւ արագօրէն կը դրոշմեն զանոնք մարդոց վրայ:
Մեզի, հայերուս համար ազգային տարազը վաղուց մոռցուած է, կը յիշենք միայն, երբ հայկական պարի ելոյթ մը կը դիտենք. իսկ անոնք որոնք հետաքրքրուած են, կրնան ուղղուիլ ոչ այնքան մեծ թիւով գիրքերուն, որոնք կը խօսին հայկական տարազին մասին:
Առաջին հեղինակը, որ անդրադարձեր է հայկական տարազին, Մխիթարեան վարդապետ Հայր Ղուկաս Ինճիճեանն է, որմէ ետք նոյն միաբանութեան անդամներէն Հայր Վարդան Հացունին ամբողջ գիրք մը յատկացուցեր է այդ նիւթին՝ «Պատմութիւն Հին Հայ Տարազին» խորագիրով: Այս հատորին մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն  եւ սպառիչ կերպով կ’անդրադառնայ հայկական հին տարազներուն՝ սկիզբէն մինչեւ 17-րդ դարը ներառեալ, մանրակրկիտ ուսումնասիրութեամբ, ինչ որ գիրքին գիտական արժէք կը շնորհէ:
Խորապէս ուշագրաւ է Առաքել Պատրիկի կազմած տարազի քարտէզը, որ մինչեւ հիմա միակն է հաւանաբար: Իսկ գիրքը, որուն մէջ առաջին անգամ երեւցած է այդ քարտէզը, կը պարփակէ «Պատմական Համառօտ Ակնարկ» մը աւելի քան տասը էջերու վրայ երկարող, իսկ գիրքին մնացեալ մասը գծանկարներ են հայկական տարազի, առնուած ժայռապատկերներէ (առաջին՝ ուրարտական շրջանին համար), դրամներէ (մանաւանդ գլխանոցներու նկարներ), հայկական մանրանկարչութենէն, լուսանկարներէ եւ այլ աղբիւրներէ:
Առաքել Նշան Պատրիկ Պատրիարքեան ծնած է 1894-ին, Սեբաստիա, ապրած է Եգիպտոս եւ մահացած 1984-ին, Երեւան: Եղած է նկարիչ, գրող եւ ազգագրագէտ:
Առաքել Պատրիկ ըլլալով Հռոմ եւ Փարիզ ուսանած նկարիչ, հեշտութեամբ նկարած է ամբողջ գիրքին տարազները, իւրաքանչիւր բաղադրիչը առանձին, անոնց անունները յիշելով: Այդ անունները երբեմն եղած են նաեւ թրքերէն կամ պարսկերէն, ըստ վայրի:
Եղած են այլ հեղինակներ եւս, որոնք առանձին գիրքերով կամ գիտական հանդէսներու մէջ լոյս տեսած յօդուածներով անդրադարձած են հայկական տարազին: Առանց այս հեղինակներուն, մեր մշակոյթին կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը ի սպառ պիտի կորսուէր պատմութենէն:
Ճիշդ է որ այսօր ո՛չ Հայաստանի, ոչ ալ Սփիւռքի տարածքին հայկական տարազ հագնող կայ,- միակը Լուսիկ Ագուլեցին էր,- սակայն զարդերը այլ պատմութիւն են:
Մասնաւորաբար վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ զարգացաւ հայկական ոսկեայ, աւելի՝ արծաթեայ զարդերու արուեստը, ուր երկու ուղղութիւն նկատելի է՝ վերարտադրել հին զարդերը, զանոնք կրկնօրինակելով, կամ պատրաստել նոր ստեղծագործութիւններ, յաճախ ներշնչուելով հին մատեաններէ, մանրանկարչութենէ, նկարներէ կամ … յուշարձաններէ, ինչպէս է օրինակ Tevo’s արծաթագործ-արուեստագէտին Շուշիի Հանդաբերդի որմնազարդերէն ներշնչուած կախազարդը, կամ Մատենադարանի դրան թակը ներկայացնող կախազարդը:
Պէտք է խոստովանիլ, որ այս արուեստագէտին բոլոր գործերը հայկականութիւն կը բուրեն եւ ներշնչուած են մեր յուշարձաններէն կամ մշակոյթէն: Այլ հետաքրքրական գործ մըն է Նարեկացիի Մատեանէն առնուած Բան ԽԱ աշխատանքը (պատի համար): Իսկ նշաձեւ արծաթեայ պանակը, որուն մէջ ծիրանի կուտ մը պահուած է, պարզապէս շատ… ազդեցիկ է:
Թեւոս Յովհաննիսեան 37 տարեկան արուեստագէտ մըն է, որուն առաջին մասնագիտութիւնը դերասանութիւնն է: 2017 թուականին սկսեր է արծաթագործութեամբ զբաղիլ: Իր աշխատանքները ի յայտ կը բերեն իր տարիքին հետ խոտոր համեմատող խորունկ հասկացութիւն ազգային արուեստին եւ գեղագիտական շատ ուրոյն արտայայտութիւն:
Շատեր արծաթեայ զարդեր կը կրեն ամէնօրեայ դրութեամբ. եթէ մտածենք թէ այդ «շատերը» կ’ապրին Սփիւռքի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ, կը հասկնանք թէ ձեւով մը այդ զարդերը մեր մշակոյթին դեսպանները կը դառնան:
Հետեւաբար տարազային մշակոյթը առօրեային մէջ բերելու եւ պահելու համար այսօր կարելի է գոհանալ հայկական զարդերով նաեւ ու միայն թերեւս:
Սակայն եթէ կարելի ըլլայ իմանալ, թէ ո՛ր շրջանի զարդ է, եւ թէ գլխազա՞րդ է թէ կախազարդ, շատ աւելի հաստատուն կ’ըլլայ մեր «առաքելութիւնը»:
Մարուշ Երամեան