(Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան)

Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու  գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի  պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած  ու ազնուացուցած է զայն:
Իսկ այդ հարցերը…
Անոնք կ’ընդգրկեն ինչպէս մասնաւորաբար Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի լինելութեան սպառնացող բոլոր տագնապները՝ իրենց ամենանուրբ ծալքերուն մէջ, որ ան կը յաջողի ձեռնհասօրէն լուսարձակի տակ առնել ու անցընել զանոնք իր մտքի  լուսաւոր պրիսմակէն:
Ընթերցողը չզրկելու համար զանոնք անձնապէս  պեղելու ու անոնց ծանօթանալու արդար  իրաւունքէն ու վայելքէն՝ կ’անդրադառնանք մէկ քանիին միայն՝  նախաճաշակ  մը   տալու համար:
*   *   *
Անոր մեծագոյն տագնապներէն մէկը յամեցող Սփիւռքն է, որ հայրենի ժողովուրդին հետ  մէկ ամբողջութիւն կազմելու հեռանկարը չունի, քանի  «հոս (իմա՝ Լոս Անճելըս-ԱԵ) տիեզերական մարդն է, որ կը կոփուի, կը դարբնուի՝ մէկդի թողած  ազգային կամ ցեղային ամէն  պատկանելիութիւն… եւ մեր ինքնութիւնը մեր աչքերուն առջեւ մեզմէ կը հեռանայ, եւ ամէն օր քիչ մը, քիչ մը ամէն րոպէ կը հեռանանք ու կը փորձենք մոռնալ այդ հեռացումը»:
Այդ տիեզերական մարդը, այս պարագային՝ հայը, ամէն տեղ իր դիմագիծը կորսնցնողի դիրքին մէջ է, յատկապէս սկսած այն օրէն, ուր տեսնուեցաւ, որ Հայաստանի անկախացումը  չյառաջացուց ակնկալուած բարեշրջումը, լուծում չբերաւ Սփիւռքի ճնշող իրողութեան. «Ատենին Հայաստանն էր սփիւռքի հիւսիսաստղը, որուն կը ձգտէինք հասնիլ բոլորս… Հայաստանը անկախ է այլեւս,  բայց ահռելիօրէն անակնկալ կացութեան մը մէջ յայտնուած»:
Այդ «ահռելի  անակնկալը» ոչ միայն օրին երազուած զանգուածային, թէկուզ մասնակի, հայրենադարձութեան չկայացումն է, այլ ճիշդ հակառակը՝ հայրենի ժողովուրդի գրեթէ զանգուածային սփիւռքացումը, որուն զարմանալի զուգադիպութեամբ մը կու գայ աւելնալու միջինարեւելեան գաղութներու հայութեան գաղթը, երկու պարագաներուն ալ  մասնաւորաբար դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր «կը դարբնուի տիեզերական մարդը՝ մէկդի թողած ազգային ու ցեղային ամէն պատկանելիութիւն»:
Լուծո՞ւմը…  անյետաձգելի, անմիջական, թէկուզ  ժամանակաւոր՝ հանդարտօրէն կերտելու  մէկ հայրենիքի, մէկ ժողովուրդի ու մէկ եկեղեցիի տեսլականը, սկսելով՝ – Առաջնահերթը մեսրոպեան ուղղագրութեան հաստատումն է. «Հիմնական թերացում մը պիտի ըլլայ, եթէ այդ էական սրբագրութիւնը տեղի չունենայ»:
Ան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ  ուղղագրութեան հարցին, քանի  արեւելահայ գաղթականները կը մերժեն իրենց զաւակները յանձնել արեւմտահայ  դպրոցներու, ուր «սխալ ուղղագրութիւն» կը սորվեցնեն, եւ այս՝ նախընտրելով օտար, իմա՝ ամերիկեան պետական դպրոց դնել իրենց զաւակները, այլ խօսքով՝ բոլորովին զրկել զանոնք հայերէն սորվելէ, մինչդեռ «հայերէն լեզուն պէտք է համապարփակ ուսուցուի  ի հեճուկս գանգատներուն, որովհետեւ  առանց հայերէն լեզուի՝ ո՛չ հայ ժողովուրդ եւ ո՛չ ալ հայ դպրոց կ’ունենանք»:
-Իսկ յաջորդը՝ «Ժամանակն է  մտածելու նաեւ լեզուական միութեան մասին»,- որովհետեւ նոյն արեւելահայը կը մերժէ նաեւ… արեւմտահայերէնը:
-Եւ վերջապէս՝ «Յիշուած զոյգ կէտերէն կը հետեւի նաեւ  միաձոյլ կրթական ծրագրի մը կարեւորութիւնը… Հայ աշակերտը ուր ալ գտնուի, պիտի սորվի նոյն լեզուն, նոյն պատմութիւնը եւ նոյն գրականութիւնը»:
Այս ծանրակշիռ, կուռ, այլեւ յաւակնոտ  առաջարկը,- որ ոչ ոք համարձակած է բերել մինչեւ այդ,- կը  միտի ոչ այնքան լուծելու  Ամերիկա ու արեւմտեան  երկիրներ հաստատուած ու հետըզհետէ աւելի աճող արեւելահայ գաղութներու հարցերը, որքան… արեւմտահայութեան եւ արեւմտահայերէնի,  «որովհետեւ  հասած ենք ժամանակի մը, ուր արեւմտահայերէնը պիտի չկարենայ  տոկալ, որովհետեւ զայն գործածողներուն թիւը զգալիօրէն կը նուազի օրէ-օր, եւ մեր վարժարաններէն ելած սերունդները ի վիճակի չեն եղած  զայն անաղարտ պահելու, առաւել եւս պետական լեզուն  արեւելահայերէնն է»: Բացայայտ է Մարզպետի թեքումը՝ ի նպաստ  միասնական արեւելահայերէնի մը, մանաւանդ որ  Սփիւռքի մէջ հետզհետէ պիտի անհետանան արեւմտահայերէն գիտցող ուսուցիչներ,  «մինչդեռ արեւելահայ ուսուցիչներ միշտ ալ կարելի է ստանալ Հայաստանէն»:
Աւելի անդին, վերադառնալով նոյն հարցին, ան նկատել կու տայ, որ կարելի չէ ակնկալել, որ հայրենի պետութիւնը ի՛նք  պահպանէ արեւմտահայերէնը, եւ դա՛րձեալ առաջ քշելով արեւելահայերէնի միասնական լեզուի կոչումը, կ’եզրակացնէ. «Կը մնայ մաղթել, որ նոյն այդ զանգուածը, եթէ պիտի պահէ հայերէնը, ապա դարաւոր մշակոյթին ու ինքնութեան հետ արեւելահայերէնով պահէ իր կապերը, վերջին հաշուով…Քամչաթքայէն չի գար այդ լեզուն եւ առհաւական այն խռովքը, որ կ’առնենք արեւելահայ լեզուով՝ նոյնն  է ինչ որ արեւմտահայերէնը  կու տայ մեզի…   Մեծ եղեռնի վերջին զոհը, ուզենք կամ չուզենք, պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի գերազանցօրէն փառահեղ հրաշքը եւ իր ստեղծագործ հանճարին անիմանալիօրէն լուսացնցուղ  հրաշքը, որ կը կոչուի  արեւմտահայերէն լեզու»:
Որքան ես գիտեմ, ապա ոչ ոք Սփիւռքի մէջ երբեւիցէ համարձակած է այսքան պայծառատեսութեամբ նման տեսակէտ  յայտնել՝ այս յստակութեամբ ու  քաջութեամբ  եւ առանց ծամծմելու բառերը:
*   *   *
Հայ-թուրք, ընդհուպ հայ-թուրք-ազերի հաշտութիւնը կը կազմէ հեղինակին նախասիրած   մէկ շատ հետաքրքրական  բնաբանը:
Առ այս՝  պատմական յետադարձ ակնարկէ մը ետք ան կ’ուրուագծէ նման  հեռանկարի   մը տարերքը, որոնք կը հիմնուին  նախապայմաններու  վրայ. «Երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը տեղի  կ’ունենայ արդար հատուցումով, ո՛չ մէկ դժուարութիւն կ’ունենանք վերահաստատելու  այն բարեկամութիւնն ու դրացնութիւնը, որոնք գոյութիւն ունէին նախքան Իթթիհականները եւ Սուլթան Համիտը»:
Ըստ այսմ՝  պատմական սրբագրութիւնը պէտք է սկսի ինքը՝ թուրք պետութիւնը. «Եթէ Քեմալ 85  տարի առաջ «զոհեց»  Ատրպէյճանը1, ժամանակն է, որ  թուրք պետութիւնը… սրբագրէ սխալը եւ վարձահատոյց ըլլայ` վերադարձնելով Կարսի ու Արտահանի նահանգները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայաստանին, եւ Հայաստանը իր կարգին  կը փոխադարձէ  վեհանձնութիւնը… Ատրպէյճանին կը տրուի տարանցիկ  ճամբայ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա2, բայց նախքան այդ արտօնութիւնը՝ թուրք պետութիւնը պէտք է Հայաստանին շնորհէ տարանցումի ազատ ուղի Գիւմրիէն  դէպի Տրապիզոն եւ Կարսէն դէպի Ատանա, 5-10  քիլոմեթր  լայնութեամբ եւ Հայաստանի գերիշխանութեան ներքեւ եւ այդ զոյգ քաղաքներու  նաւահանգիստներուն մէջ Հայաստանի գերիշխանութեան  տակ դրուած  ազատ շուկայի քարափներ»:
«Այս է,- կ’եզրակացնէ իր պայմանները,- լաւագոյն ձեւը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, որմէ  ետք որեւէ հարց գոյութիւն չ’ունենար  Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները բանալու»:
Կը խուսափիմ աւելի առաջ երթալէ, որպէսզի ընթերցողը ի՛նք  պեղէ մնացեալները եւ ամբողջական ըլլայ անոր վայելքը:
1-Թելադրելով անոր, որ հրաժարի իր անկախութենէն եւ ենթարկուի Խորհրդային իշխանութեան, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ որուն հետեւանքով ու փոխարէն՝ Հայաստան կորսնցուց Կարսի եւ Արտահանի նահանգները: 
2-Յօդուածը գրուած է 2005-ին, երբ տակաւին Արցախն ու ազատագրուած եօթը շրջանները կը մնային հայոց իշխանութեան տակ. հեղինակը ասոնք վաստակեալ իրաւունք կը նկատէ եւ պատրաստ չէ որեւէ բան վերադարձնելու:
Արմենակ Եղիայեան