Սուրիոյ նախագահին հարցազրոյցը «Սքայ Նիւզ Արապիք» կայանին հետ կարեւոր նկատառումներ ունէր, յատկապէս տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բաց ըլլալուն առումով:
Արաբական երկիրները յանդուգն քայլով մը Սուրիան Արաբական Լիկա վերադարձուցին, սակայն հարցազրոյցին տողատակերուն տակ նախագահը կը շեշտէր, որ օտար երկիրներու ախորժակներուն առիթ չընծայելու համար Սուրիոյ հետ արաբական երկիրներուն յարաբերութիւնները պէտք է պատերազմին հետեւանքով երկրին քանդուած ենթակառոյցներու վերականգնումին նպաստեն, որպէսզի Սուրիոյ տնտեսութիւնը կարենայ ոտքի կանգնիլ ու աստիճանաբար ապաքինիլ, ինչ որ երկար ժամանակի կը կարօտի բնականաբար:  Նախագահը կը շեշտէր նաեւ, որ լաւատեսութեամբ կը նայի արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ապագային եւ անցեալին պատահածները կը թողու անցեալին մէջ:
Ասատ տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններու վերականգնումի դուռը փակ չհամարեց, սակայն վերահաստատեց իր սկզբունքները շեշտելով, որ Թուրքիոյ պարագային յարաբերութիւններու վերականգնումը կարելի չէ մինչեւ այն ատեն որ թրքական ուժերը դուրս չեն եկած սուրիական հողերէն եւ չէ դադրած Թուրքիոյ աջակցութիւնը հիւսիսային շրջանի զինեալ խմբաւորումներուն:
Այս առումով նախագահը չենթարկուեցաւ վերջին շրջանի ռուսական ճնշումներուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հապճեպ կարգաւորման ուղղուելով, այլ մնաց հայրենիքին համար պայքարող ղեկավարի իր սկզբունքներուն վրայ՝ վեր առնելով երկրի ամբողջական ազատագրման  կարեւորութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հետ յարաբերութիւններուն, նախագահը յստակօրէն յայտնեց որ ոչ մէկ քաղաքական ուժի կողմ պիտի ըլլայ, ընդհակառակն. նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի ազգային շահերուն:
Միւս կողմէ անդրադառնալով Միացեալ նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն, խորհրդակցութիւններու դուռը բաց համարելով մէկտեղ նախագահը յայտնեց, որ որեւէ երկրի հետ յարաբերութիւնը երկխօսութեան եւ ոչ թէ միակողմանի պահանջներով կրնայ ընթանալ: Ինչ որ  կրնայ Սուրիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի մօտեցումը վերատեսութեան ենթարկելու սլաք մը ըլլալ:
Ինչ կը վերաբերի տնտեսական կեանքին, նախագահին խօսքը, ինչպէս նաեւ գնաճի բարձրացման, սղաճին, սուրիական լիրային անկումին ներկայ տուեալները ցոյց կու տան, որ տնտեսութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ խարխափումներ, գնաճի, ինչպէս նաեւ աղքատութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ մինչեւ երկրի ենթակառոյցներու վերականգնումն ու Սուրիոյ քարիւղի հանքերուն ու հիւսիսային շրջանին վերջնական ազատագրումը: Այդ պարագային միայն կրնանք ականատեսը ըլլալ սուրիական տնտեսութեան կտրուկ ապաքինման: