Արցախահայութիւնը իր յստակ դիրքորոշումը յայտնած է եւ Ատրպէյճանի բռնատիրութենէն դուրս գալու իր կամքը ի գործ դրած՝ ինքնորոշման իր իրաւունքը օգտագործելով:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը արցախահայութեան կամքի արտայայտման հիմնական բեմն է: Բեմ, ուրկէ միայն կրնայ հնչել Արցախի ժողովուրդին, քաղաքական ուժերուն որոշումը, ձայնը, որքան ալ փորձ կատարուի մեկուսացնել Արցախը եւ անտեսել անոր իրաւունքը կամ պարտադրել զայն՝ յայտնուելու Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ:
Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւը կը փորձէ բռնի ուժով պարտադրել արցախահայութեան համարկումը Ատրպէյճանի մէջ, բոլորովին անտեսելով արցախահայութեան իրաւունքները: Միւս կողմէ Ատրպէյճանի նախագահին եւ պետական այլ այրերու հնչեցուցած սպառնալիքները՝ սովահար դարձնելու արցախահայութիւնը, տեղաշարժի իր իրաւունքէն զրկելու, այլ խօսքով՝ բանտարկելու, կամ ի վերջոյ իր պատմական հայրենիքէն գաղթի մղելու, յանցագործութեան մակարդակի հասնող սպառնալիքներ են:
Ատրպէյճանական պաշտօնական լրատուամիջոցներ սկսած են Հայաստանն անգամ ներկայացնել որպէս Ատրպէյճան՝ ի յայտ բերելով այդ երկրի իշխող տարրին իսկական նպատակը՝ խաղաղութեան պայմանագիրի անուան տակ պատերազմի նախապատրաստուելու եւ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի տարածքներ բռնագրաւելու:
Ատրպէյճան փաստօրէն խախտած է միջազգային օրէնքով սահմանուած մարդու բոլոր իրաւունքները՝ արցախահայութեան անհատական իրաւունքները (բաւարար սնունդ եւ կենսամակարդակ ունենալու, տեղաշարժի իրաւունք եւ այլն), խոցելի խումբերու իրաւունքները (մանուկներու, կանանց, տարեցներու, վատառողջ կամ հաշմանդամ անձերու իրաւունք եւ այլն) եւ հաւաքական իրաւունքները (ցեղային խտրական քաղաքականութենէ զերծ մնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքը կիրարկելու իրաւունք եւ այլն):
ՄԱԿ-ի եւ տարբեր երկիրներու կողմէ հնչած կոչերը Ատրպէյճանին՝ բանալու Լաչինի միջանցքը, յարգելու մարդու իրաւունքները, յստակ ենթահող կը ստեղծեն Ատրպէյճանի պատժելիութեան: Աւելին. Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեկովի ֆրանսական «Le Monde» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին արցախցիներուն ուղղած այն խօսքը թէ. «Երբ անօթի էք, պէտք չէ պայմաններ դնէք: Ի՞նչ տարբերութիւն, թէ որ ճամբով պիտի հասնի սննդամթերքը՝ Լաչինէ՞ն, թէ Աղտամէն կամ Ֆիզուլիէն, կարեւորը ապրանք ստանալն է», ուղղակի խոստովանութիւն է, որ շրջափակումը ի գործ դրուած է, արցախահայութիւնը ապրանք չի ստանար, իսկ շրջափակման նպատակը՝ Ատրպէյճանի տիրապետութիւնը պարտադրելն է:
Արցախի Ազգային Ժողովի հարթակը արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արցախահայութեան ձայնի բարձրացման գլխաւոր հարթակն է:
7 Օգոստոսին Դաւիթ Իշխանեանի Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուիլը յստակ կը դարձնէ Արցախի քաղաքական ուժերու միասնական կեցուածքը քաղաքական եւ մարդկային իրենց իրաւունքներուն համար պայքարելու եւ Ատրպէյճանի ծուղակին մէջ չիյնալու: Իշխանեան պայքարի երկար ու բարդ ճամբայ կտրած է՝ հաւատարիմ մնալով Արցախի Հանրապետութեան կերտման ազգային սկզբունքներուն:
Կը հաւատանք, որ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութեամբ, Արցախի Ազգային Ժողովի հարթակը արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ներդաշնակ ու նպատակային աշխատանքին նոր թափ կը հաղորդէ:
Արցախահայութիւնը իր պայքարի քաղաքական ուղին յստակօրէն գծած է: Սփիւռքը կոչուած է իր կարելիութիւններն ու լծակները առաւելագոյնս օգտագործելու՝ յանուն Արցախին, յանուն հայրենիքին, յատկապէս նկատի ունենալով Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու բացայայտ խախտումներն ու այդ երկրի քաղաքական գործիչներուն պատժելիութեան ենթահող ստեղծող բազում արտայայտութիւնները: