Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։

Խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան թեմը եւ սուրիահայութիւնը յուզող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները։

Մակար սրբազան իր հայրական օրհնութիւնը տալով, կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամին։