Երեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2023-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Հասիչէի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Հասիչէի թաղականութեան եւ ներկայ ժողովուրդին, ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը գնահատանքի նուէրներ բաժնեց պաքալորիայի եւ պրովէի Հասիչէի աշակերտներուն։

Սկիզբը, վարչութեան ատենապետուհի Քաթիա Ղազարեան խօսք առնելով Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ կրցան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման Տօնը յիշատակել, ապա հայր սուրբին շնորհակալութիւն յայտնեց իր Հասիչէ ընդմիշտ ներկայութեան եւ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելուն համար։ Այնուհետեւ Պաքալորիայի աշակերտ Մայք Արմէն Մուրատեանին եւ պրովէի աշակերտուհիներ Արփի Յարութ Եղիայեանին եւ Օլկայ Ճան Մարտոյեանին յուշանուէր յատկացուցին՝ իրենց յաջողութեան առիթով։

հոգշ. հայր սուրբը խօսք առնելով նախ շնորհաւորեց աշակերտները յաջողութեան համար եւ ապա շնորհաւորեց իրենց ծնողները։
Ան բարձր գնահատեց վարչութեան այս գեղեցիկ քայլը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։