Երեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2023-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Պատարագով յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը:

Օրուան Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական Խաղողի օրհնութիւնը։

Հակառակ տեղւոյն անկայուն վիճակին, Հասիչէի ժողովուրդը լեցուցած էր Աստուծոյ տունը եւ միաբերան Աստուծոյ բարեխօսութիւնը կը խնդրէր։

Յայտնենք որ տօնին առիթով ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի ընկերուհիները պատրաստած էին խաղողները եւ օրհնուելէ ետք զանոնք բաժնեցին հաւատացեալ ժողովուրդին։