Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին, Քեսապի Էքիզոլուք շրջանի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի «Լեւոն Աբգարեան» բանակումի խարուկահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպիսկոպոս Աշգարեանի։

Խարուկահանդէսին ներ­կայ գտն­ուե­ցան նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Մա­նուկ Քէօ­շ­կէր­եան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Գամիշլի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:

Խարոյկին բացումը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը։ Բանակող քոյրերն ու եղբայրները իրենց խմբապետներուն առաջնորդութեամբ, ջահերը վառած, մասնաճիւղի փողերախումբին նուագակցութեամբ յառաջացան դէպի խարոյկ, ուր Մասնաճիւղի Խմբապետի հրահանգով բոցավառեցին խարոյկը։

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց բանակումի պատասխանատու, մասնաճիւղի խմբապետ Յովիկ Հապէշեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ունեցած դերին։ Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ բանակումի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբազան Հօր՝ իր հովուական այցելութեան եւ հայրական օրհնութեան համար։

Արաբերէնով հանդէս եկաւ Արի-Արենոյշ միաւորի պատասխանատու, փոխ խմբապետ Հրակ Փայասեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք Նախագահ բժիշկ Պաշար ալ-Ասատին՝ իր կատարած բարենորոգումի աշխատանքներուն համար։

Այնուհետեւ, հերթականութեամբ ներկայացուեցան սկաուտական գաւազանով եւ ռիթմիկ մարզանքները, սկաուտական բուրգն ու թմպլիկը, որոնք մեծ ծափողջոյններու արժանացան ներկաներուն կողմէ։ Ապա ներկայացուեցաւ հայկական պար եւ ասմունք։

Սկաուտ խորհուրդի խօսքը արտասանեց Թալին Յովհաննէսեան-Արոյեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ աշխատելաձեւին։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն՝ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար։

Աւարտին, մասնաճիւղի խմբապետը հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ ուղղէ իր սրտի խօսքը։

Սրբազան հայրը բանակումը համարեց կեանքի ամենակարեւոր դաստիարակչական հանգրուաններէն մէկը, երբ ծնողները իրենց զաւակները կը յանձնեն պատասխանատուներուն, որոնք սերտուած յայտագիրով, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ոգիով կը պատրաստեն զանոնք, որպէսզի ապագային դառնան գիտակից ղեկավարներ, ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ։
Մակար սրբազան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները եւ նոր սերունդներ պատրաստելու նպատակով անոնց տարած որակաւոր աշխատանքը համբուրելի համարեց։ Ան շնորհաւորեց նաեւ ծնողները եւ բանակող քոյրերն ու եղբայրները։
Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց մեծ կարգերու սկաուտներուն ուխտերթին բերած մասնակցութեան համար։

Ան ակնարկելով սկաուտական կայմին պարզած Արցախի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշակոթողի պատկերին, յայտնեց, որ թէեւ Արցախը շրջափակուած վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն չենք յուսահատիր, այլ՝ առաւել եւս հոգեպէս, մտապէս եւ ֆիզիքապէս կը պատրաստուինք, որպէսզի կարենանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

Խարուկահանդէսը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։