Նուրբ է իրավիճակը, եւ դժուար է ըսել, թէ վաղը ինչ որոշում կը գոյանայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ սփռումով ըսաւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան՝ մեկնաբանելով, թէ ինչ ակնկալիքներ ունին գերտէրութիւններէն:
«Նուրբ է իրավիճակը, եւ դժուար է ըսել, թէ վաղը ՄԱԿ-ի Ան-վտանգութեան Խորհուրդը ինչ որոշում կը գոյացնէ, քանի որ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կ’աշխատի: Յուսանք, որ բացի յայտարարութիւններէն ՄԱԿ-ի ԱԽ-ը իր լիազօրութիւններու շըրջագիծէն ներս կը գործէ եւ կը ստիպէ, որ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումները իրականացուին: Այնուամենայնիւ, պէտք է աշխուժօրէն աշխատիլ, բազմակողմ դիւանագիտութեամբ աշխատիլ, որ ՄԱԿ-ը եւս կանխարգիլէ Պաքուի կիրառած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը», յայտնեց Գանտահարեան:
Ան ներկայացուց է նաեւ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխատանքները:
«Հայ Դատի Յանձնախումբը լրջօրէն կ’աշխատի եւ  կը փորձէ հակամարտութեան էութիւնը ներկայացնել, եւ թէ ինչ ցեղասպան գործողութիւններ կ’իրականցնէ Ատրպէյճան: Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը բազմաթիւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ  կազմակերպած է, յուշագրեր ներկայացուցած: Այսօր լիբանանեան լրատուամիջոցները արձագանգեցին Հայ Դատի վերջին հաղորդագրութեան, ուր կը նշուի նշանաւոր ցեղասպանագէտներու կարծիքը Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն վերաբերեալ ու շեշտը կը դրուի Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան վրայ», աւելցուց Գանտահարեան:
Ան դիտել տուաւ, որ համայնքը մշտապէս կանգնած է Արցախի կողքին, իրադարձութիւնները միշտ ճշգրտօրէն ներկայացուցած, որպէսզի լիբանանեան հասարակութիւնը եւս ճիշտ ընկալէ իրավիճակը: