Այսօր՝ Հինգշաբթի, 24 Օգոստոս 2023-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան հետ, հովուական այցելութեամբ Սուրիա ժամանած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք ԱԳՏՆ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի գլխաւորութեամբ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան։