Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ այսօր արշալոյսին ժամը 4։30-ի շուրջ, Իսրայէլ օդային յարձակումով մը Միջերկրական ծովուն կողմէն, Լաթաքիոյ արեւմուտքէն հրթիռակոծեց Հալէպի Միջազգային օդակայանը։

Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ եւ օդակայանը ծառայութենէ դուրս եկաւ։