Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութեան քաղաքային թռիչքներու հաստատութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով Հալէպի Միջազգային օդայականը ծառայութենէ դուրս եկաւ, հետեւաբար թռիչքները փոխադրուեցան Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ Միջազգային օդակայաններ։

Հաստատութիւնը հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեց ճամբորդներուն կապ պահելու օդանաւային ընկերութիւններուն հետ՝ դասաւորելու համար իրենց թռիչքներուն թուականները։