Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան թշնամական յարձակումին հետեւանքով Հալէպի Միջազգային օդակայանին վնասուած բաժինները օդակայանի համապատասխան խումբերուն կողմէ նորոգուեցան։

Օդակայանը Երեքշաբթի, 29 Օգոստոսի երեկոյեան վերստին բանիլ սկսաւ։