Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ այսօր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին հաստատեց, որ այն, ինչին աշխարհը ականատես կ՚ըլլայ այսօր, կ՚ապացուցէ, որ հարցերը, զորս մենք պաշտպանած ենք և որոնց համար գին վճարած, ճիշդ էին, իսկ մեր քաղաքականութիւնը եղած է ողջմիտ, դիտել տալով, որ միջազգային իրավիճակը վերջին զարգացումներու լոյսին տակ աւելի յստակ դարձաւ։

Նախագահ Ասատ Ապտուլլահեանին հետ քննարկեց երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանի հարցերու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու գործակցութեան շուրջ, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին եւ թրքական ուժերուն սուրիական հողերէն դուրս գալուն անդրադառնալով։

Նախագահը աւելցուց, որ Սուրիա-Իրան-Արաբական երկիրներ բնականոն յարաբերութիւնը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ծաղկումին։

Իր կարգին Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանումը եւ կարեւոր համարեց Իրանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու զարգացումը։

Ապտուլլահեան դիտել տուաւ, որ Իրան նախանձախնդիր է իրագործելու նախագահ Ռաիսիի Սուրիա այցելութեան առիթով ստորագրուած համաձայնագրերը։