Ֆրանսական դիւանագիտութիւնը պէտք է դուրս գայ իր յարմարաւէտութեան գօտիէն և սկսի գործել: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Գորիսի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտարարեց Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս շրջանային խորհուրդի անդամ Փատրիք Քարամ, որ Ֆրանսայի շարք մը շրջաններու ներկայացուցիչներու հետ ժամանած է Հայաստան՝ դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով:

Փաթրիք Քարամ փոխանցեց նաև Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս Շրջանային Խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեկրեսի ողջոյնը Արցախի նախագահին։

«Կ՚ուզեմ աւելցնել նաև, որ ես դիմած եմ իմ փաստաբանին, որ Միջազգային քրէական դատարան հաւատարմագրուած է, որպէսզի ան Ատրպէյճանի նախագահ Ալիևի դէմ բողոք ներկայացնէ: Նպատակն է թիրախ դարձնել նոյնինքն նախագահը, Ալիևը. ան է բռնակալը և ճիշդ անոր դէմ մենք պէտք է պայքարինք», ըսաւ Փաթրիք Քարամ: