ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես անդրադարձած է Լաչինի միջանցքին տեղակայուած անօրինական անցակէտին մէջ Ատրպէյճանի կողմէն արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգումին։ Ծերակուտականը յանձնաժողովի X (նախապէս՝ Twitter) մետիայի էջին վրայ արարքը որակած է «զազրելի արարք»:

«Խորապէս անհանգստացած ենք, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր զազրելի մօտեցումը, որ կը միտի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վախի մէջ պահել, մարդասիրական օգնութեան մուտքը արգիլել եւ ԿԽՄԿ-ի կարեւորագոյն գործունէութիւնը խափանել: Սա անընդունելի է», գրուած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովի էջին վրայ։