29 Օգոստոսի երեկոյեան խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներ ինքնաբուխ կերպով մեկնեցան Լիբանանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն եւ այնտեղ կարգախօսներով, ցուցապաստառներով եւ վանկարկումներով բողոքեցին Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ:

Անոնք յայտարարեցին, որ մարդասիրական աղէտ ստեղծելով եւ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ դարձնելով Ատրպէյճան կը փորձէ ցեղասպանութեան ենթարկել Արցախի 120.000 ժողովուրդը:

Անոնք միաժամանակ կարմիր գոյնով ներկեցին դեսպանատան մայր մուտքի պատը` իբրեւ խորհրդանիշ Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Երիտասարդները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ամէն ձեւով զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին եւ դէմ դնելու Ատրպէյճանի ոճրային քաղաքականութեան: