Համազգային ընդհանուր շահերու ապահովման եւ երաշխաւորման հոլովոյթին մէջ դերերը բաշխուած պէտք է ըլլան,որպէսզի իւրաքանչիւր բաղկացուցիչ տարր կարենայ իր ներուժը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի համազգային շահերուն եւ տեսլականներուն գործադրութեան նպատակով թափուող ճիգերուն։ Առանց դերերու ճիշդ բաշխման՝ Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնը ոչ միայն ամուլ կը մնայ, այլեւ վնասակար գործօնի մը կը վերածուի, որովհետեւ իւրաքանչիւր մաս կը փորձէ իր համոզումներուն եւ շահերուն ի խնդիր գործել, ինչ որ բնականաբար կը նշանակէ, որ հայութիւնը կ’ըլլայ միակ տուժողը։
Եռամիասնութիւնը քաղաքական ճակատ մըն է՝ իր բոլոր հետեւութիւններով, ուր ոչ մէկը ոչ ոքէ կախեալ է, բայց յանձնառութիւն ունի միւս երկուքին հանդէպ։Պատասխանատուութիւններ, պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ, որոնց մէջ ընդհանուր եւ ճիշդ դերաբաշխմամբ կարելի կ’ըլլայ հաշուի առնել թէ՛ Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի շահերն ու իւրայատկութիւնները, առանց զիրար խանգարելու եւ խաչաձեւելու՝ կազմելով այնպիսի ամուր ճակատ մը, որ կ’երաշխաւորէ բոլորին շահերը, բոլորը իրարու հաւասարազօր պարտաւորութիւններու տէր կողմեր համարելով։
Արցախեան այսօրուան իրավիճակը բաւական է սակայն ցոյց տալու, որ Եռամիասնութեան մէջ յառաջացած են ճեղքեր, որոնք կը սպառնան ընդհանուր փլուզման մը, նկատի ունենալով, որ մինչ հայրենի իշխանութիւնները՝ իբրեւ պետութեան լիազօր իշխանութիւնները, թէեւ կը շարունակեն գործել իբրեւ այդպիսին միջազգային եւ շրջանային հարթակներու վրայ, այսօրուան խնդիրներէն թելադրուելու եւ ստեղծուած իրավիճակներէն առաջնորդուելու եւ Եռամիասնութեան ճակատին ազդու եւ արդիւնաւէտ գործելաոճ ապահովելու ճիգին մէջ թերացած կը թուին ըլլալ։ Անմիջապէս պէտք է շեշտել, որ այդ ճիգին  պատասխանատուութեան գլխաւոր բաժինը կ’իյնայ Հայաստանի պետութեան իշխանութիւններուն ուսերուն, անկախ այն բանէն, որ ով եւ որոնք են այդ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները։
Սակայն Հայկական Սփիւռքը նաեւ ունի իր մեղքի բաժինը, որուն արդարացման համար կարիքը չկայ տեսութիւններու եւ արուեստական հիմնաւորումներու։ Տեղական խնդիրներ, հարցեր եւ տագնապներ պէտք չէ արգելակիչ տարրեր ըլլան, նկատի ունենալով, որ Արցախ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի սովամահութեամբ ցեղասպանութեան մը զոհ երթալու իրական վտանգին, որ կը սպառնայ ոչ միայն արցախահայութեան, այլ ամբողջ հայութեան բոլոր հատուածներուն, որովհետեւ հայը ուր որ ալ գտնուի, Արցախի դարպասին փլուզմամբ բազմաթիւ տեսանելի եւ անտեսանելի վտանգներու ենթակայ պիտի ըլլայ։ Վտանգներ, որոնք կը սարքուին, կը բեմադրուին եւ կը ծրագրուին թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ։ Հոս է, որ առաւել կը շեշտուի Եռամիասնութեան կարեւորութիւնը, որուն փլուզմամբ ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, ենթակայ պիտի ըլլայ թրքական- ատրպէյճանական վտանգին։ Ասիկա անուրանալի է։
Եռամիասնութիւնը պահպանելու, անոր նոր աւիշ եւ աւիւն սրսկելու պարտաւորութեան գլխաւոր եւ մեծ բաժինը ճիշդ է, որ կ’իյնայ Երեւանի իշխանութիւններուն ուսերուն, Սփիւռքը՝ հասկնալով եւ ճիշդ ըմբռնելով Արցախեան տագնապին այսօրուան էջին բոլոր գրառումները, ունի նաեւ իր պարտաւորութիւններուն բաժինը։ Այս ծիրին մէջ է, որ էական հարցը կը ծագի։Երեւանի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները պիտի յաջողի՞ն թօթափել եւ ձերբազատիլ եռամիասնութեան վնասող, անոր բաղկացուցիչներուն ներուժը վատնող քաղաքականութիւններէ։
Սփիւռքը պիտի յաջողի՞ ամէջ բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր գերադասել Հայաստանի պետութեան եւ Արցախի ժողովուրդին շահերը, որոնք կապ չունին իշխանութիւններու վրայ գտնուողներու դէմ գործելաձեւի եւ ծրագիրներու հետ։ Այս իմաստով ալ պէտք է ընդգծել, որ եթէ շարունակենք զիրար մեղադրել Եռամիասնութեան դերաբաշխման եւ այս ճակատին ամրապնդման վնասող գործեր կատարելու մեղադրանքներով, միակ տուժողը պիտի ըլլայ հայութիւնը, որ պիտի կորսնցնէ Արցախ միջնաբերդը։
Ատկէ անդին հազար ու մէկ հարցադրումներու դուռ բացող գործելաոճերու, փոխադարձ մեղադրանքներու եւ պատասխանատուութիւններու մատնանշումներու ոճը համազգային մեր շահերուն պիտի չծառայէ։Ասիկա պէտք է լաւապէս հասկցուի եւ ըմբռնուի նախ եւ առաջ Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Բաւական լայն իմաստով նաեւ՝ Սփիւռքը բաղկացնող հատուածներուն եւ հոսանքներուն կողմէ։ Այս ծիրին մէջ Արցախի ուսերուն ինկած պատասխանատուութիւնը եւս ի մտի պէտք է առնուի, որովհետեւ Ստեփանակերտի մէջ հակադիր խմորումներու սակարանը եթէ չփակուի եւ բոլորը Արցախի համար մէկ ու միացեալ ճակատ չկազմեն, տուժողը պիտի ըլլայ ամբողջ հայութիւնը։
Ա.Ա.