Սուրիոյ անողոք պատերազմին հետեւանքով երկար տարիներ փակ մնացին հայկական կարգ մը կառոյցներ, ակումբներ, ուսումնարաններ եւ այլն: Անոնցմէ էր նաեւ Ազգ. Զաւարեան վարժարանը եւ իր հարուստ գրադարանը, որ հալէպահայութեան եւ մասնաւորապէս հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանի բնակչութեան համար հայ գիրքի հետ աղերսուելու ջերմ կեդրոն մը, եզակի գանձ մըն էր: Ցաւօք ան հրթիռներու թիրախ դարձաւ եւ տարիներու ընթացքին կորսնցուց իր ընթերցասէր այցելուները: Հոն դիզուած գիրքերը մնացին սնտուկներու մէջ, թաղուեցան փոշիներու տակ:
Երկու տարի առաջ, Ազգ. Զաւարեան վարժարանի Շրջանաւարտից Վարչութիւնը յառաջացուց յանձնախումբ մը, որ կազմուեցաւ խումբ մը շրջանաւարտներէ, գլխաւորութեամբ վաստակաւոր գրադարանավար եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանի:
Որպէս Ազգ. Զաւարեան վարժարանի շրջանաւարտ, մեծ հաճոյքով մաս կազմեցի այս յանձնախումբին: Խանդավառ էի, որովհետեւ պիտի ծանօթանայի նոր գիրքերու եւ հրատարակութիւններու ու պիտի շնչէի հին գիրքերու յագեցնող բոյրը: Լուրջ աշխատանքը մեզի կը սպասէր: Անմիջապէս գործի  լծուեցանք եւ ուրախութեամբ սկսանք դասաւորել լքուած գիրքերը, ցանկագրել, թուագրել զանոնք ու զետեղել դարաններու վրայ: Կային գիրքեր, զորս կարդացած էի, իսկ մաս մը գիրքերու վերնագրերը ծանօթ էին Հայագիտական Հիմնարկի դասերէս.  յաճախ դասարանէն ներս զանոնք վերլուծելու փորձեր կատարած էինք:
Այդ գիրքերէն էր Սիմոն Սիմոնեանի «Խմբապետ Ասլանին Աղջիկը», որուն վերնագիրը հետաքրքրութիւնս շարժած էր, սակայն առիթը չէի ունեցած կարդալու:
Գրադարանին մէջ աշխատանքի ընթացքին յանկարծ գիրքը ձեռքս անցաւ, անունը պիտի արձանագրէի ցանկին մէջ. մրմռալով ըսի. «Ահա այն գիրքը, զոր շատ կը փափաքէի կարդալ»:
Եղբ. Մանուկ, որ երկար տարիներ այս գրադարանին մէջ աշխատած էր եւ գրեթէ բոլոր գիրքերուն տիրապետած,  յաճախ մեկնաբանութիւններ կը կատարէր իւրաքանչիւր գիրքի շուրջ: Ան հայրական իր յորդորներով կ’ըսէր. «Աղջիկնե՛ր, գիրքը թող ըլլայ ձեր հարազատ ընկերը»: Ու երբ տեսաւ գիրքը ձեռքերուս մէջ, թելադրեց. «Երբ այս գիրքը  սկսիս կարդալ, մէկ շունչով աւարտին պիտի հասցնես»:
Ոգեւորուելով անմիջապէս խլեցի գիրքը եւ նոյն օրը սկսայ կարդալ: Գիրքը խմբապետ Ասլանին եւ անոր դուստրին հանդիպման մասին էր:
Խմբապետ Ասլան եօթանասունհինգ ամեայ մեծահարուստ ու ծերունազարդ Աղա մըն էր: Ան եղած էր խմբապետ՝ Փետրուարեան ապստամբութեան, որմէ ետք ապաստանած էր Թեհրան: Աղան 41 տարի վերջ ստացած էր Երեւանէն հեռագիր մը, որուն մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Հայրի՛կ, Պէյրութ կը հասնիմ Մարտ քսանին. շտապէ՛ հոն հասնիլ նոյն թուականին»: Աղային կնճռոտ դէմքը խոժոռած էր յատկապէս հեռագիրին պարունակութենէն եւ վստահ էր, որ սխալմունք մը պատահած ըլլալու էր, որովհետեւ ան կեանքին մէջ հայր չէր եղած: Ան ամբողջ օրը մտմտուքի մէջ ճիգ  թափած էր վերյիշելու, թէ վերջին անգամ ե՞րբ հանդիպած էր Երեւան մնացած իր կնոջ: Իսկ Սեդա Աւետիսեանը, որ հեռագրով ինքզինք խմբապետ Ասլանին աղջիկը կը հռչակէր, կը մեկնէր օդակայան խումբ մը սովետահայ զբօսաշրջիկներու հետ դէպի Պէյրութ երեք օրուան պտոյտի ուղղուելու: Ինքնակոչ աղջիկը երկրորդ եւ երրորդ հեռագիր մըն ալ նոյն բովանդակութեամբ ղրկած էր իր հօր ու վստահ էր, որ երեք հեռագրերէն մէկը պիտի հասնէր իր հօր ձեռքը կամ դպչէր սրտին:
Խմբապետ Ասլան նոյն օրը իր շքեղ տան մէջ ժողովի կը հրաւիրէր իր զէնքի նախկին ընկերները, որոնք նոյնպէս Թեհրան ապաստանած էին: Ան կ’իմացնէր, թէ ինք Երեւանի մէջ ձգած էր երեք թանկագին բան՝ կինը, ձին եւ զէնքը, սակայն պարզուած էր, որ ձգած էր չորրորդ բան մըն ալ,  որ աւելի թանկագին էր՝ իր զաւակը, որ հայրենիքին ամէնէն  ապահով մէկ վայրին մէջ՝ մայրական արգանդին մէջ թողած էր եւ ահաւասիկ անիկա քառասունմէկ տարի ետք զէնքէն, կնոջմէն եւ ձիէն առաջ կը սուրար իր քով: Հին ընկերները կը շնորհաւորէին խմբապետին հայրութիւնը. այդ գիշեր խմբապետը կը բախտաւորուէր դուստրով մը:
Մարտ քսանին օդանաւ մը խմբապետ Ասլանը Թեհրանէն Պէյրութ կը բերէր, իսկ ուրիշ օդանաւ մը  Սեդա Աւետիսեանը  իր ընկերներուն հետ՝ նոյն քաղաքը:
Ինչպէ՞ս պիտի ըլլար հօր եւ աղջկան հանդիպումը: Խմբապետ Ասլան օդանաւին մէջ կը մտածէր, թէ ինչպէ՛ս պիտի գրկէր եւ համբուրէր դուստրը: Իբրեւ նորածի՞ն թէ հարսնցու աղջիկ, մայրացո՞ղ կամ թերեւս ալ մեծ մայրիկ: Արդեօ՞ք մէկ երկու համբոյրներ պիտի կարենային փոխարինել քառասունմէկ տարիներու կորսուած բոլոր համբոյրները: Իսկ  Սեդա Աւետիսեան, որ ռուսերէնի դասախօս-փրոֆէսոր էր, կը մտածէր ու կը մտածէր, հոգին կ’ալեկոծէր մտածելով, թէ արդեօ՞ք հօր ձեռքը հասաւ հեռագրերէն մէկը, արդեօ՞ք իր հայրը պիտի ուզէր կամ պիտի կարենար Պէյրութ գալ: Ինչպէ՞ս հանգիստ սրտով պիտի հանդիպէր այն հայրիկին, որ Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն մէկն էր:
Օդանաւերը արագ կը սուրային, իսկ սրտերը՝ աւելի արագ:
Առաջին օդանաւը իր վայրէջքը կատարած էր. այդ գիշեր հայր ու աղջիկ քառասունմէկ տարի ետք  նոյն աստղերուն տակ պիտի ննջէին, բայց երկու տարբեր պանդոկներու մէջ:
Երկուքն ալ չէին կրցած քնանալ մինչեւ լոյս: Քառասուն տարի համբերելը աւելի դիւրին էր, քան այդ երեք օրերը: Իւրաքանչիւր վայրկեան կ’անցնէր դարու մը երկարութեամբ:
Ինչպէ՞ս փնտռել աղջիկը: Ըստ խմբապետին, աւելի դիւրին էր Սարդարապատի ճակատամարտ մղելը եւ Փետրուարեան ապստամբութիւն պայթեցնելը, քան դուստրը փնտռելը օտար քաղաքի մը մէջ: Ահաւասիկ անցած էին երեք օրեր, սակայն տակաւին չէին գտած  զիրար: Սովետահայ զբօսաշրջիկները յաջորդ առաւօտ պիտի մեկնէին հայրենիք:
Երկար փնտռտուքէ ետք վերջապէս մօտեցած էր պահը: Մնացած էր միմիայն չորս ժամ: Կարելի էր խտացնել շատ մը բաներ, թերեւս ամէն բան, բայց ժամանակը՝ երբե՛ք: Խմբապետին ոտքերը կը դողդղային յուզումէն եւ ուրախութենէն: Կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս քառասունմէկ տարիները պիտի խտացնէր չորս ժամերու մէջ, ուստի  բազմեցաւ պանդոկի հիւրասենեակի թիկնաթոռներէն մէկուն վրայ՝ սպասելով իր աղջկան վերադարձին:
Սեդա Աւետիսեան երբ վերադարձաւ պանդոկ, կանգ առաւ հօր ետին, առանց անկէ տեսնուելու, աչքերէն արագօրէն եւ յորդութեամբ հոսեցան արցունքի կաթիլներ, որոնք հատ-հատ ինկան հօր գլխուն վրայ, ապա նազելի վեհութեամբ մը ծռեցաւ եւ գրկեց հայրիկին գլուխն ու վիզը, կիսասպիտակ գլուխը միացնելով հօր գլխուն սպիտակութեան եւ համբուրեց, համբուրեց ու համբուրե՜ց:
Արդեօ՞ք քառասուհինգ համբոյր, թերեւս ալ  հօր ապրելիք տարիներուն չափ: Ապա անցաւ իր հօրը դէմ առանց բառեր արտասանելու, կարծես ըսել ուզեց թէ. «Ես քու աղջիկն եմ»: Անոնք նստան դէմ դիմաց, խմբապետը լուռ կը դիտէր իր աղջկան եւ սրտին մէջ կը զգար առաջին հայրացումը, իսկ հոգիին մէջ կը ծաղկէր մեծ ուրախութեան առաջին ծիլը: Ան դիտելով իր աղջիկը կարծէք ըսել կ’ուզէր «Իրա՞ւ դուն իմ աղջիկն ես»:
Խմբապետ Ասլանի հոգին կ’ալեկոծէր  ներքին յուզմունքով, սակայն արցունքները ջուրի նման կը հոսէին: Հազար ու մէկ հարցումներ կային մտքին մէջ եւ որոշեց հարցնել երկիր ձգած ձիուն՝ Ասլանին մասին: Սեդան երկնցուց իր հօրը թաշկինակ մը, որուն մէջ մայրը պահած էր ձիուն բաշէն, որպէսզի խմբապետը իր սիրելի ձիուն կարօտը առնէ: Իսկ ուրիշ ծրարի մը մէջէն ան հանեց իր մօր հիւսած գեղեցիկ արախչինը եւ արտասուախառն յուզմունքով դրաւ իր հօր գլխուն: Խմբապետ Ասլան առաջին անգամ ըլլալով կու լար, ան իր ամբողջ կեանքին մէջ աւելի ընդունակ եղած էր լացնելու, քան՝ լալու:
Լաւ է լռել ու լալ, վասնզի ամէն խօսք կրնայ դառնալ երիվար, որուն վրայ կը ցատկէ վիշտը:
Շատ մը նիւթեր կային խօսելիք, սակայն անգութ ժամանակը հասած էր հրաժեշտի եւ քանի մը վայրկեան վերջ պիտի բաժնուէին: Յուզումնալի տեսարան մը կը տիրէր օդակայանին մէջ, զբօսաշրջիկները շրջապատած էին խմբապետն ու իր դուստրը:
Երբ աւարտեցի գիրքը, ես ալ արտասուեցայ, յուզումս կը ճնշէր հոգիս։ Ափսո՜ս… խմբապետը ամբողջ պատանութիւն մը եւ ամբողջ երիտասարդութիւն մը զոհաբերած էր իր ժողովուրդին համար՝ իր երջանկութիւնը գտնելով անոնց երջանկութեան մէջ, բայց ան իր  երջանկութիւնը երկար չվայելեց աղջկան հետ։ Արդեօք ո՞վ է մեղաւորը, խմբապե՞տը, թէ դաժան կեանքը եւ կամ կեանքի ֆալաքը, որ ունի իր անիւը եւ զայն կը դարձնէ իր ուզած ձեւով:
Թամար Գազանճեան