Կ’ըսուի թէ Խորենացին իր Պատմութիւնը գրեր է ի՛ր օրերուն մասին, իսկ անմիջական անցեալի մասին գրածը … լսածներէն արձանագրեր է:
Այդ լսածները անշուշտ մարդոց յիշողութեան մէջ մնացածներն են, որոնք եթէ Խորենացին արձանագրած չըլլար, պիտի
կորսուէին ընդմիշտ:
Մեր մեծագոյն դիւցազնավէպը՝ Սասնայ Ծռերը, ճիշդ նոյն ճակատագիրը ունեցած է. ու եթէ չըլլային զայն եւ անոր տարբերակները գրի առնողներ, այսօր մեր գրականութիւնը կարեւոր գործ մը կորսնցուցած պիտի ըլլար:
Հաւաքական յիշողութիւնը պահել-պահպանելը էական է իւրաքանչիւր ազգի համար:
Արժանթինցի գրող Խուլիօ Կորտասար իր  Cronopios and Famas գիրքին մէջ ստեղծած է երեք տեսակ անհատականութիւն, որոնց կարելի է հանդիպիլ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ ֆամաները, գրոնոփիոներն ու էսփերանծաները: Ֆամաները ճշգրիտ եւ մանկավարժ, լաւ կազմակերպուած, միշտ գիտեն ճիշդն ու սխալը: Անոնք անակնկալներ չեն սիրեր եւ կը նախընտրեն ամէն ինչ հսկել։ Գրոնոփիոները, ընդհակառակը, ռոմանթիք երազողներ են, որոնք կրնան ամէն բանի մէջ բանաստեղծութիւն եւ ոգեւորութիւն գտնել։ Էսփերանծաները այս երկուքին միջեւ բաներ են, անոնք մի՛շտ յոյսով լեցուն են, բայց կը նախընտրեն փորձուած ճամբաներէն քալել:
«Ֆամաները իրենց յիշողութիւնները պահպանելու համար կը զմռսէին զանոնք, մազերով եւ նշաններով կը կապկպէին ու սեւ սաւանի մը մէջ փաթթած, հիւրասենեակի պատին կը կռթնցնէին, վրան ալ յիշատակին մասին ցուցանակ մը դնելով, ինչպէս օրինակ «Պտոյտ Դէպի Կիլմէս» եւ այլն:
«Գրոնոփիոները, սակայն, այդ թափթփած եւ ջերմ արարածները, թոյլ կու տային, որ յիշատակները թափառին տան մէջ, հաղորդուին անցուդարձերուն եւ ապրողներուն հետ, օրինակ երբ մէկը իրենց քովէն անցնի, մազերը շոյելով կ’ըսէին՝ «Զգոյշ եղիր», կամ «Կամա՛ց, աստիճան կայ առջեւդ»: Այդ է պատճառը որ Ֆամաներուն տուներէն ներս կարգ ու կանոնը կը տիրապետեն, իսկ գրոնոփիոներուն տուներուն մէջ միշտ ուրախ իրարանցում կայ»:
Այսօր քիչեր են անոնք, որոնք պատմութիւն կը գրեն, ժամանակակից պատմութիւն, թերեւս անոր համար, որ այսօրուան դէպքերուն մասին նոյն գիշերը նստիլ-գրելը կրնայ հապճեպ ըլլալ, կրնայ դիտանկիւնի պակաս ունենալ, որովհետեւ ի վերջոյ, եթէ պատմութիւնը պիտի ներկայացուի անաչառ կերպով, մանաւանդ՝ իր բոլոր կողմերով, պէտք է պատմագիրը եւս ունենայ կարողութիւնն ու կարելիութիւնը այդ բոլոր դիտանկիւններուն օգտագործումին:
Սակայն եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ անհատներ, որոնք կը հաւատան, որ հակառակ նորօրեայ գիտութեան,
հակառակ համացանցային «ամէն բան մէկ կոճակով կրնաս կարդալ եւ գիտնալ»-ու իրողութեան, կը հաւատան որ պէ՛տք է արձանագրել, մանաւանդ պէտք է դիտանկիւն ճշդել:
Բայց արդեօ՞ք այսօր գրելը պատմութիւն չի համարուիր, այլ պէտք է այդ գրութեան վրայէն ժամանակ անցնի, ճիշդն ու սխալը մաղուին եւ այլն:
Թերեւս ասիկա ճիշդ է երկիրներու եւ ազգերու պատմութեան պարագային, բայց ի՞նչ ընել, երբ գաղութի մը մասին է խօսքը, մեզի պէս բազմաթիւ հաւաքականութիւններու բարգաւաճումն ու ապա շիջումը տեսած սփիւռքի մը պատմութեան մասին է խօսքը: Օրինակներէն ամէնէն ցայտունը Հնդկաստանի եւ Լեհաստանի գաղութներն են, որոնց պատմութենէն հազիւ փշուրներ փրկուած են:
Այսօր, եթէ ուզենք, կրնանք առնել Մատթէոս Ուռհայեցիի գիրքը եւ գաղափար մը կազմել իր օրերու պատմական դէպքերուն եւ իր այցելած երկիրներուն մասին:
Ուռհայեցին նկարագրեր է նաեւ ի՛ր ժամանակները «Ժամանակագրութիւն» եռամաս աշխատութեան մէջ, որուն երրորդ բաժինով հեղինակը կը պատմէ իրեն ժամանակակից Բագրատունիներու մասին,  թագաւորութեան կործանման, սելճուքներու արշաւանքներուն եւ նուաճումներուն, հայերու արտագաղթին, երկրէն դուրս հայկական իշխանութիւններ հիմնելու եւ օտար յարձակումներու դէմ անոնց պայքարին մասին:
Անշուշտ այլ պատմաբաններ եւս տարբեր ժամանակներու գրած են Բագրատունիներու մասին, ինչ որ առիթ կու տայ դէպքերը իրարու հետ բաղդատելով ճշդումներ եւ յաւելումներ կատարելու:
Այսօր դժբախտաբար Բագրատունիներու կարեւորութեամբ եւ հսկայութեամբ թագաւորութիւն չունինք, ոչ իսկ «տուն» ունինք (բառը իր հին իմաստով), եւ ոչ ոքի միտքէն կ’անցնի «պատմութիւն» գրել:
Օրինակ՝ եգիպտահայ գաղութին կեանքը, իր սկիզբէն քանի մը գիրքերու մէջ ամփոփուած է, ինչպէս Արտաշէս Հ. Գարտաշեանի հսկայածաւալ եռահատոր աշխատասիրութիւնը՝ «Նիւթեր Եգիպտոսի Հայոց Պատմութեան Համար», Աւետիս Եափուճեանի «Եգիպտահայ Մշակոյթի Պատմութիւն», Նուպար Գ. Տէր-Միքայէլեանի «Եգիպտահայ Գաղութը 16-18-րդ Դարերում» եւ այլն:
Բարեբախտաբար կը շարունակուի եգիպտահայ գաղութին մէջ պատմութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը կարգ մը անհատներու միջոցով, թիւով երեք միայն, որոնք, ինչպէս ըսինք, խորունկ համոզումով լծուած են իրենց գաղութին պատմութիւնը Պատմութեան պահ տալու:
Եւ ինչպէս միշտ՝ այս երեք անհատներն ալ մասնագէտ պատմաբաններ չեն, բայց «մասնագէտ հայասէր»-ներ են:
Մէկը տոքթոր Սուրէն Պայրամեանն է (ատամնաբոյժ), որուն անունը այսօր կը նստի քանի մը գիրքերու կողքերուն, որպէս հեղինակ, ինչպէս «Հայ Մամուլն ու Գրատպութիւնը Եգիպտոսի Մէջ», «Հայ Մամուլը Եգիպտոսի Մէջ», «Հայկական Համայնքային Կառոյցները Եգիպտոսի Մէջ»:
Երկրորդը Պերճ Թէրզեանն է, որուն տասնեակ մը գիրքերէն կը յիշենք մէկ քանին միայն, ինչպէս «Հայկական Հրատարակչական Գործունէութիւնը Եգիպտոսի Մէջ Այսօր», «Գահիրէի Համալսարանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը», «ԱՐԵՒի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը», «ՀՀ Եգիպտոսի Դեսպանատան Ծննդոցը» եւ այլն:
Երրորդը Հայկ Աւագեանն է (մասնագիտութեամբ երաժիշտ՝ դաշնակահար-խմբավար), որ մոռցուած եւ անտեսուած արխիւներէ լոյսին կը բերէ ոչ միայն հայ գաղութին մէջ ապրած եւ գործած անհատներու կեանքն ու գործունէութիւնը, այլ մանաւանդ ա՛յն հայերուն, որոնք արաբերէն ծածկանուններով աշխատած են եգիպտական շրջանակներու մէջ՝ ֆիլմաշխարհի, երաժշտութեան թէ այլ: Իր հրատարակութիւնները, որոնք սկսած են 2016 թուականին որպէս եգիպտահայ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթին յաւելուածներ, այսօր անցած են յիսունը եւ թափով կը շարունակուին:
Աւագեանի այս հրատարակութիւնները նուիրուած են այնպիսի անուններու, որոնք վստահաբար պիտի մոռցուէին, եթէ գիրքի մը մէջ պահ չդրուէին,  ինչպէս օրինակ դաշնակահար-մանկավարժ Նուարդ Տամատեան, վաղամեռիկ Վանիա Էքսէրճեան, Եգիպտոսէն Հայաստան ներգաղթած Գոհար Գասպարեան եւ իր «Եգիպտոսի Շրջանի Գործունէութիւնը», Քիրազ ծածկանունով նշանաւոր երգիծանկարիչ, ֆրանսական թերթերուն մէջ հռչակ ստացած Էտմոն Քիրազեան «Քիրազի Եգիպտական Շրջանի Երգիծանկարներու Ընտրանի», տակաւին՝ այժմ Եգիպտոս վերադարձած Էտուին Ժերար Համամճեան արուեստագէտին կեանքն ու անցած ուղին ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու բեմերուն վրայ եւ այլն:
Այս բոլորը կը գրուին եւ օրինակներ կը յիշուին պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ որքան կարեւոր է մերօրեայ պատմագրութիւնը գաղութներուն կեանքին համար:
Այս յիշուածներէն կարգ մը գիրքեր որպէս աղբիւր ունեցած են, պահպանուած արխիւներուն կողքին, նաեւ անձնական գրութիւններ՝ նամականի թէ յուշագրութիւն, որոնց ընդմէջէն խմբագիրը կրցած է բացայայտումներու հասնիլ:
Ահա թէ ինչո՛ւ ընտանիքներէն ներս պահուող թուղթի ամենափոքր կտորին անգամ, որ կրնայ պատմութեան պատառիկ մը պահած ըլլալ իր մէջ, պէտք է գուրգուրալ, ու եթէ պիտի ձերբազատիլ անկէ, պէտք է նախ ցոյց տալ մասնագէտի մը, պահ տալ հոգացող մէկու մը, կամ յանձնել արխիւի մը:
Պահենք եւ արժեւորենք մեր պատմութիւնը, որ կրնայ տժգունիլ եւ անհետանալ … Կը յիշէ՞ք Հնդկաստանն ու Լեհաստանը …
Մարուշ Երամեան