Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ միշտ չէ, որ երիտասարդական յարաբերութիւնները համապատասխան ու արժանի ուշադրութեան եւ վերլուծութեան կ’արժանանան: Սոյն յօդուածը լուսարձակի տակ կը փորձէ առնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան փոխյարաբերութիւններու ընդհանուր պարունակը, «context»-ը, ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները՝ նպատակ ունենալով հայ ազգի այս երկու կենսական բաղադրիչներուն յարաբերութիւնները ամրապնդող առաջարկներ ու գաղափարներ տրամադրել։ Յօդուածը կ’առաջնորդուի այն տրամաբանութեամբ, որ հայաստանաբնակ ու սփիւռքաբնակ երիտասարդութեան միջեւ երբ ամրապնդուին փոխյարաբերութիւններն ու խրախուսուի համագործակցութիւնը, կարելի է միասնական եւ հզօր հայկական ինքնութիւն կերտել, որ կը գերազանցէ աշխարհագրական ու աշխարհահայեացքային բոլոր սահմաններն ու մարտահրաւէրները:
Կ’արժէ սկսիլ պատմական պարունակի «context»-ի վերլուծութեամբ, որովհետեւ անոր ճշգրիտ ըմբռնումը վճռորոշ դեր կը խաղայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան յարաբերութիւններու «dynamics»-ը հասկնալու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը, 108 տարի ետք անոր հետեւանքները չվերացնելն ու արդարութիւնը չվերականգնելը, Հայաստանի խորհրդայնացման տարիներուն Հայաստանի ու աւանդական Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած ընկերաբարոյական արժեհամակարգը, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր պետականաշինութեան գործընթացը, ընկերատնտեսական ու քաղաքական պայմանները, արցախեան հիմնախնդիրը, յաղթութիւնն ու ցաւալի պարտութիւնը, Արցախի ներկայ բարդ ու տագնապալի վիճակը ուղղակիօրէն կ’ազդեն երիտասարդութեան ներաշխարհին ու պատկերացումներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդական յարաբերութիւններուն վրայ:
Աւելին, հայութեան աշխարհով մէկ ցրուած ու պանդուխտ ըլլալու իրականութիւնը, աւանդական ու ժամանակակից Սփիւռքի համայնքներու ստեղծումը, սփիւռքեան համայնքներու յարափոփոխ պայմանները, անոնց (չ)կազմակերպուածութեան մակարդակը, երիտասարդութիւնը ներգրաւելու (չ)կարողականութիւնը, ժամանակին հետ քայլ պահելու դժուարութիւնները, արեւմտահայ ու արեւելահայ լեզուներու, ինչպէս նաեւ հայախօս ու օտարախօս հայ երիտասարդութեան առկայութիւնը, ընկերային հաղորդակցութեան գերժամանակակից միջոցներն ու մանաւանդ ակամայ, բռնի կամ կամաւոր (աւելի բարենպաստ կեանք ունենալու համար) հայրենիքէն հեռացողի (կամ անոր զաւակը, թոռը, ծոռը ըլլալու) մտայնութիւնները, հողին վրայ անապահով ու անորոշ զգալու կամ հողի կարօտով ու անկէ հեռու ապրողներու բազմապիսի տագնապներն ու դժգոհութիւնները կը բարդացնեն ու կ’ազդեն երիտասարդական յարաբերութիւններուն վրայ: Իսկ երիտասարդական յարաբերութիւնները կը տարբերին այլ տարիքային խաւերու յարաբերութիւններէն՝ հիմնականին մէջ յուզականութեան, ըմբոստութեան, խանդավառութեան, փորձառութեան պակասի, արկածախնդրութեան ու նորարականութեան հակուած ըլլալու գործօններու վրայ:
Վերոնշեալ իրողութիւններու եւ գործօններու լոյսին տակ է, որ այսօր կը ձեւաւորուի Հայաստանի ու Սփիւռքի երիտասարդութեան ինքնութիւնը. տարբեր աշխարհայեացքներ, լեզուներ, մշակութային գործելակերպեր, աւանդոյթներ, ինչպէս նաեւ տարբեր ու երբեմն հակասական հասարակական-քաղաքական միջավայրերու ազդեցութիւններ բնականաբար հայկական ինքնութեան բազմազան դրսեւորումներու արտայայտման կ’առաջնորդեն:
Այս տատանումներն ու տարբերութիւնները ճանչնալն ու յարգելը եւ ըստ այնմ գործելը կենսական նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան միջեւ իմաստալից կապեր հաստատելու համար: Այսինքն՝ ինքնութեան բազմազանութիւնը բաժանարար ու տկարացնող գործօն տեսնելու փոխարէն, հարստացնող ու զիրար ամբողջացնող ներուժի, համաշխարհային հզօր ու գործող ցանցի(երու) (networks) վերածելը մեկնակէտը կը թուի ըլլալ առո՛ղջ, կայու՛ն ու արդիւնաւէտ երիտասարդական յարաբերութիւններու մշակման համար: Աւելի պարզ, երբ Հայաստանի ու Սփիւռքի երիտասարդութեան մասին քննարկում կը կատարուի, բնաւ մէկը միւսէն աւելի լաւի, մէկը միւսէն աւելի «աշխարհ տեսած»-ի, մէկը միւսէն աւելի առիթներ ունեցողի ու նաե՛ւ մէկը միւսէն աւելի «հայ»-ի, հայրենասէրի կամ հայրենատէրի մրցակցութեան խնդիր պէտք չէ բարձրանայ: Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդութիւնը համահաւասար հարթակի վրայ տարբեր ու բազմազան ազդեցութիւններու տակ ըլլալով հանդերձ՝ մէ՛կ ընդհանուր ու ներառական (inclusive) հայկական ինքնութեան կրողն է, որ զիրար կ’ամբողջացնէ ու կը հզօրացնէ:
Առանց այս տարբերութիւններուն գծով փոխհասկացողութեան զարգացման՝ Սփիւռքի ու Հայաստանի երիտասարդութեան փոխադարձ ընկալումներն ու կարծրատիպերը դժուար թէ յաղթահարուին:
Կարծրատիպերու յաղթահարումը ինքնանպատակ չէ: Նախապէս մտածուած պատկերացումներու եւ կարծրատիպերու յաղթահարումը ճանապարհ կը հարթէ բաց երկխօսութեան, երկարատեւ համագործակցական նախագիծերու եւ ընդհանուր նպատակներու ու ձգտումներու իրագործման համար:
Ահա թէ ինչո՛ւ նախ եւ առաջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդները պէտք է զիրար ճանչնան…: Բարձր է թիւը այն սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք այս կամ այն պատճառով կամ ծրագիրով Հայաստան կ’այցելեն՝ առանց կայուն ու մնայուն յարաբերութիւններ ստեղծելու հայաստանաբնակ իրենց հայրենակիցներուն հետ…: Գրեթէ նոյնն է պարագան, երբ հայաստանաբնակ երիտասարդներ ուսանելու եւ կամ այլ պատճառներու բերումով ժամանակաւորապէս «սփիւռքեան» քաղաքներու մէջ կը յայտնուին, ուր աշխոյժ հայկական համայնքներ կը գործեն, սակայն ճիգ չեն թափեր տեղւոյն հայութեան ծանօթանալու, մտերմանալու եւ համայնքային կեանքին մասնակցելու համար:
Նկատի առած երկու հատուածներուն միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան մակարդակի բարելաւման հրամայականը՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած երիտասարդական բոլոր ծրագիրները (համահայկական, մարզական, կրթական, սկաուտական, քաղաքական, կամաւորական եւ այլն) պէտք է յստակօրէն նպատակադրեն ու յաւելեալ ջանքեր գործադրեն Հայաստան-Սփիւռք երիտասարդական կայու՛ն յարաբերութիւններու ստեղծման համար: Իսկ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներն ու երիտասարդական կառոյցները ճիգ պէտք չէ խնայեն Հայաստանէն ժամանած երիտասարդները ներգրաւելու համար:
Իրարու ջանքերն ու ձեռքբերումները գնահատելու եւ անոնց վրայ նոր ձեռքբերումներ կառուցելու հմտութիւններուն պէտք է տիրապետել ու հնարաւոր բոլոր արդի միջոցները օգտագործել, ինչպէս, օրինակ՝ առցանց հարթակներ, գործընկերութիւններ, նորարական ծրագիրներու ֆինանսաւորում, վարժողական ծրագիրներ եւ այլն:
Այս ծիրին մէջ շատ կարեւոր է, որ Հայաստան-Սփիւռք երիտասարդական յարաբերութիւնները հնարաւորինս քիչ ազդուին գնայուն իշխանութիւններու կամ այլ դերակատարներու քաղաքականութիւններով կամ ճղճիմ առաջնահերթութիւններով: Հայաստան-Սփիւռք փոխվստահութեան անկման ու յարաբերութիւններու կտրուկ վատթարացման այս օրերուն հրամայական է, որ գոնէ երիտասարդական առողջ յարաբերութիւններուն         տրուի հաստատութենական (institutional) բնոյթ, ուր գործող իշխանութիւնները քիչ ազդեցութիւն ունենան այդ յարաբերութիւններու առողջ ընթացքը կասեցնելու վրայ: Այսինքն՝ անկախ, թէ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն ու Սփիւռքի պաշտօնական կառոյցներուն յարաբերութիւնները ի՛նչ մակարդակի վրայ են, Հայաստանի ու Սփիւռքի քաղաքական միտքի ներկայացուցիչները պէտք է այնպիսի հասունութիւն ու լայնախոհութիւն ցուցաբերեն, որ ժամանակաւոր յարաբերութիւններու վատթարացումն ու փոխվստահութեան անկումը երկարաժամկէտ ու բացասական հետեւանքներ չունենան երիտասարդական յարաբերութիւններուն վրայ:
Այստեղ պէտք չէ ուրանալ, որ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի երիտասարդները Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական հարցերու եւ զարգացումներու գծով յաճախ տարբեր փորձառութիւններ եւ տեսակէտներ ունին: Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն վրայ հետեւեալ երեւոյթները համատարած են՝ կրաւորական, զարմացնող լռութիւն, «քաղաքականութեամբ չզբաղելու» չքմեղանք, յուսալքութիւն ու երբեմն հայհոյախառն, զիրար չհանդուրժող, զիրար այպանող ու վանողական լեզուա-կռիւներ: Հայաստանի ու Սփիւռքի երիտասարդութեան միջեւ կառուցողական բանավէճի մասնակցելու, անկաշկանդ հարթակ տրամադրելու, փաստարկ ու հակափաստարկ ներկայացնելու, զիրար լսելու եւ հասկնալու մշակոյթ չէ ձեւաւորուած:
Անկախ մասնագիտութենէ կամ հետաքրքրութիւններէ՝ ազգին ու պետականութեան վերաբերող համահայկական գերխնդիրներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւն ցուցաբերելը, քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ յարգալից քննարկումներու մասնակցիլը, կառուցողական բանավէճերու հարթակներ ստեղծելը եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն երիտասարդներուն մասնակցութիւնը խրախուսելը ընդհանուր տարածք կրնան ստեղծել քաղաքական մտահոգութիւններու լուծման եւ հասարակ յայտարարի հասնելու համար:
Քաղաքական գործընթացներէն վեր ու անդին՝ պետականաշինութիւնը, ազգային անվտանգութիւնը (ներառեալ Արցախի ու արցախահայութեան), կայուն զարգացումը, արդարութեան վերականգնումը, մարդու իրաւունքները եւ ընկերային արդարութիւնը կ’ոգեշնչեն հայ երիտասարդները, որպէսզի անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն ու բազմապիսի տարբերութիւններուն՝ միասի՛ն գործեն: Համագործակցութեան համար այնպիսի ոլորտներ կան, ինչպիսիք են ձեռներէցութիւնը, արհեստագիտութիւնը, արուեստը եւ ակադեմիան, որոնց միջոցաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդութիւնը կրնայ իր հաւաքական ուժերը մէկտեղել եւ դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել: Փոխադարձ յաջողութիւնները նշելը, մշակութային փոխանակումը խթանելը եւ երկու խումբերուն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն ներդրումը գնահատելը միասնութեան, հպարտութեան, ինչպէս նաեւ հայ ազգի մաս ըլլալու զգացումը կ’ամրապնդեն:
Հայաստանի ու Սփիւռքի երիտասարդները հայոց պետականութեան, հայ մշակոյթի, քաղաքակրթութեան եւ ժառանգութեան պահպանման, զարգացման ու կերտման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը կը կրեն հաւասարապէ՛ս: Հայոց նորագոյն պատմութեան, քաղաքակրթութեան նպաստելու կողքին համաշխարհային ու համամարդկային զարգացումներուն մասնակցելու համատեղ ջանքերը նոյնքա՛ն էական են, որովհետեւ այդ ներդրումները ո՛չ միայն կ’ամրապնդեն հայ երիտասարդներու հաւաքական ինքնութիւնը, այլ նաեւ կ’ապահովեն աշխարհատարած հայութեան եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը:
Այս պատճառաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդներուն խրախուսելը, փոխյարաբերութիւններու սերտացման եւ համագործակցութեան կայուն հարթակներ ու առիթներ տրամադրելը, ինքնավստահութեան ու ստեղծագործութեան մակարդակը բարձրացնելը, անկոտրում կամքով ու պայքարի աննահանջ ոգիով տոգորելը, յուսալքութենէ հեռացնելը, համազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբելը հայրենի եւ սփիւռքեան համապատասխան մարմիններուն ու կառոյցներուն առաջնային պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն են: Այս բոլորին մշակումը, որդեգրումը, գործադրումն ու արժեւորումը ի սկզբանէ թերի են ու նոյնիսկ ապարդիւն, եթէ չկատարուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան խորքային ու լուրջ ներգրաւուածութեամբ, երիտասարդութեան հե՛տ, երիտասարդութեա՛ն համար…:
«Դրօշակ» թիւ 8, 2023թ
Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Դոկտոր, միջազգային օրէնքի ու 
մարդկային իրաւանց մասնագէտ