Ուսմանս միջնակարգի տարիները անցուցի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, (որպէս գիշերօթիկ), աշակերտելով հայերէն լեզուի դասատուներ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի, Գառնիկ Բանեանի, ապա հայ գրականութեան  ուսուցիչ ունեցանք Գրիգոր Շահինեանը. սակայն ճակատագի՞րը, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ստիպեց, որ լքեմ Պէյրութի Ճեմարանը ու շարունակեմ ուսումս Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, որուն երկրորդական բաժինը աւարտեցի։
Հալէպի Ճեմարանի մեր հայ գրականութեան ուսուցիչն էր պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան։
Գիտէինք, որ ան հեղինակն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի հրատարակած հայերէնի քերականութեան շարքին։
Ան ժամանակ մը վարած էր Ազգ. Հայկազեան նախակրթարանի հայերէնի դասատուի պաշտօնը։
Իմացած էինք նաեւ որ իր ուսումը առած էր Երուսաղէմի Պատրիարքարանի ժառանգաւորացին մէջ ու աշակերտած մեծանուն գրագէտ-գրաքննադատ Յակոբ Օշականին։
Ու ահա՛, այդ կարճահասակ ու սաստիկ սասունցին մեր հայ գրականութեան դասատուն էր։
Դասագիրք չունէինք։ Յառաջիկայ տարին ունեցանք խմորատիպ դասագիրքեր։
Պրն. Մկրտիչեան իւրաքանչիւր դաս արտագրել կու տար մեզի։
Մեր դասապահերէն մին քանդակուած է յիշողութեանս մէջ։ Դասը յատկացուած էր մեծ ուսուցիչին՝ Յակոբ Օշականին։
Ան այսպէս պատմեց.
– Մեր գրական վերլուծումին դասը կը վերաբերէր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յ. Թումանեանի «Լուսաւորչի Կանթեղը» բանաստեղծութեան։
Ան (Օշականը) վերլուծելով բանաստեղծութիւնը, անոր իրերայաջորդ տուներն ու տողերը, «ջարդեց ու փշրեց» բանաստեղծութիւնն ու հեղինակը, այնքան խորացաւ որ մենք սկսանք զայրոյթի արտայայտութիւններ ունենալ։
Սակայն երբ հասաւ վերջին տողին մօտ, ան կանգ առաւ ու ընդգծելով ըսաւ.
«Հոս պահուած է Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը». ու այդ տողով ան մեզի համար վերականգնեց վիթխարի Յ. Թումանեանը։
Անջնջելիօրէն կը յիշեմ այն դասապահը, երբ հարցաքննուող աշակերտը նուաստս էր։ Ու դասը կը վերաբերէր իմ նախասիրած գրագէտ Արամ Հայկազին։ Ես պիտի ներկայացնէի անոր գործերը՝ երկերը։
Ժամանակագրական կարգով, հակիրճ ծանօթութիւններով թուեցի գրագէտին գործերը ու աւարտեցի մատնանշելով, որ անոր վերջին գործը «երջանկութիւն» խորագիրը ունէր, որուն յառաջաբանին մէջ ան մօտաւորապէս կ’ըսէր.
«Երբ գիրքիս վերջին տողերը կը գրէի, նկատեցի որ սովորականէն աւելի տխուր էին քան նախորդները, ուստի խորագիրը գրեցի երջանկութիւն»։
Այդ գիրքը ինծի նուէր էր Ա. Հայկազին կողմէ, մեծ մօրս միջոցաւ Ամերիկայէն առաքուած (առանց զիս ճանչցած ըլլալու)։
Պրն. Մկրտիչեանին աչքերը տարբեր փայլք մը ստացան։ Մեզի արտագրել տուածին մէջ չկար «երջանկութիւն» հատորին մասին, ու ինք ծանօթ չէր անոր պարունակութեան։ Ինձմէ պահանջեց որ աւելին թուեմ ու պատմեմ «երջանկութեան» մասին։
Երբ աւարտեցի, վաստկեցայ անոր «ապրիս»-ը, եւ ան յայտնեց որ իրեն ծանօթ չէր այդ երկը։
Իւրայատուկ էին մեր շարադրութեան պահերը։
Կարգով մեզի կարդալ կու տար մեր գրութիւնները, սրբագրելով, մատնանշումներ կատարելով, թելադրելով։ Մէկ խօսքով՝ մեզի գրել կը սորվեցնէր։
Յաճախ նաեւ կը նկատէր.
«Մաշած պատկեր», «անտեղի կրկնութիւն», «նորութիւն մը չես ըսած», «ժամանակի ու տեղի պայմանները չես յարգած», «աւելորդ ածականները վերցո՛ւր»…։
Իսկ մեր շարադրութեան տետրակներու գրութիւններուն յաջորդ էջերը կարմիրով ներկուած կ’ըլլային, ուր ան արձանագրած կ’ըլլար իր նկատողութիւնները, վերլուծումները։ Ինչպէս ըսի՝ մեզ կը մղէր գրել սորվելու։
Ու հասաւ այն օրը, երբ մենք այլեւս աւարտական՝ 12-րդ կարգի աշակերտներ, շուտով հրաժեշտ պիտի տայինք Ճեմարանին։
Հայ գրականութեան վերջին դասապահն էր. շարադրութեան պահն էր, իսկ մեր շարադրութեան նիւթը՝ «Վերջին շարադրութիւնս» էր։
Ինծի համար պահը յուզիչ էր ու ներսս խռովք կար։ Ալ գրականութեան, հայ գրականութեան դասապահեր պիտի չունենայինք։
Բաւական դժուարութիւն ունեցայ գրութիւնս աւարտելու համար։ Իմ գրածէս ես իսկ դժգոհ էի։
Առաւօտուն, սովորական ժամէն կանուխ գացի Ճեմարան, որ շատ ալ հեռու չէր մեր տունէն։
Դասընկերս՝ Վարուժ Ղազարեանը, կանխած էր զիս, թէեւ իրենց տունը բաւական հեռու էր Ճեմարանէն։
Ջղային վիճակ մը ունէր Վարուժը։ Ու իմ հարցադրումին թէ ի՛նչ ունի պատասխանեց.
– Օրթա՛խ (գործընկեր), առտու շատ կանուխ արթնցայ, նախաճաշ ընելէն ետք գլուխս գաւաթ մը քաղցր գինի «քաշեցի». արեւածագին գացի հանրային պարտէզ (Հալէպի կեդրոնական հանրային պարտէզը՝ «մաշթալ»-ը) ու հոն գրեցի շարադրութիւնս։
Խնդրեցի, որ կարդայ բարձրաձայն, բայց մերժեց, անդրդուելի մնաց. արդէն դասարան մուտքի զանգն ալ հնչեց։
Մտանք դասարան։
Պրն. Մկրտիչեան փափաքեցաւ, որ այդ՝ վերջին դասապահուն, քանի մը աշակերտ կամաւորաբար ընթերցեն իրենց գրած շարադրութիւնները, հակառակ ընկալեալ սովորութեան։
Դասընկերներս կ’ուշանային։ Գուցէ անոնց համարձակութիւնը բաւարար չէր։ Գուցէ եւ գրած էին, միայն գրած ըլլալու համար։
Ես կը փափաքէի կարդալ, սակայն ինչպէս վերը ըսի, գրածէս գոհ չէի։ Գուցէ կրնայի աւելի լաւը գրել։
Զգացի, որ ուսուցիչս մեր ուշացումը նկատելով նեղացաւ։ Ինքզինքիս ըսի. «տղա՛յ, եկո՛ւր ուրախացո՛ւր ուսուցիչդ, լաւ թէ վատ, ե՛լ ու կարդա՛»։ Ու մատս բարձրացուցի ու պատրաստակամութիւն յայտնեցի կարդալու, որ այս վերջին պահը ուրախութեամբ աւարտի… «պայմանաւ»…
– Ի՞նչ է պայմանդ, Կարօ՛։
– Պարոն, ես գրածս շատ չեմ հաւնիր, գոհացուցիչ չէ։ Սակայն կը խնդրեմ, որ Վարուժին գրածը կարդալ տաք, ինձմէ ետք ան ալ թող կարդայ։
Պրն. Մկրտիչեան անծանօթ չէր անշուշտ Վարուժին գրութիւններուն, կարողութեան, ոճին… ու ինծի դառնալով կէս բարկացած ու կէս գոհունակ ըսաւ.
– Ընդունեցի պայմանդ։
Վարուժն ալ իր կարգին պայման դրաւ.
– Պարո՛ն, ինձմէ ետք Անդօն ալ թող կարդայ։
Անդոյին (Անդրանիկ Չարշաֆճեան) գրած շարադրութիւնները իրերայաջորդ պատմուածքներու շարք մըն էին, Յակոբ Օշականի հետեւողութեամբ… Պրն. Մկրտիչեան քաջածանօթ էր Անդոյին գրութիւններուն։
Լրջութիւն կեղծելով պրն. Մկրտիչեան ըսաւ.
– Շատ եղան ձեր պայմանները, սակայն ընդունեցի։ Կարդա՛, Կարօ՛։
Ի դէպ, միջանկեալ նշեմ, որ այժմ ամերիկաբնակ Անդոյին որդին՝ Շանթը, թողուց Ամերիկան, գնաց Արցախ, հոն պսակուեցաւ ու ունեցաւ առջինեկ զաւակը ու արցախցիներուն տուները բարեգործութեամբ օժտեց արեւային ճառագայթներով ջուր տաքցնող սարքերով։ Այժմ ան այնտեղ է եւ կը «վայելէ» Արցախի շրջափակման ազերիական «պարգեւը», արցախցի մեր եղբայրներուն հետ։
(Այս մանրամասնութիւններուն իրազեկ եղած եմ դիմատետրի էջերէն)։
Ու կարդացի համեստ շարադրութիւնս ու տեղս նստայ։
Պրն. Մկրտիչ համարեա՛ գոհ էր։
Վարուժը սկսաւ կարդալ։ Գրածը արձակ բանաստեղծութիւն մըն էր։
Պրն. Մկրտիչեան կատարեց գրութեան վերլուծումը։ Ապա լուրջ դէմքով, որուն ետին թաքնուած էր գոհունակութիւնը, մեզի ըսաւ.
– Վարուժ, գրածդ արձակ բանաստեղծութիւն մըն է. այս գրական սեռը մեր գրականութեան մէջ քիչ տեղ գտած է. սակաւ են անոնք։ Սակայն, Վարո՛ւժ, դուն այս արձակ բանաստեղծութեամբ արդէն հայ գրականութեան դրան շեմէն ներս մտար, ապրի՛ս։
Պրն. Մկրտիչեան անտեղեակ էր Վարուժին առտու-կանուխ ըմպած քաղցր գինիի բաժակէն։
Անդօն ալ կարդաց. մենք շատ բան չէինք կըրնար հասկնալ գրուածէն, որովհետեւ ծանօթ չէինք իր նախորդ գրածներուն, այս շարադրութիւնը անոնց շարունակութիւնն էր։
Դասապահը կը մօտենար իր աւարտին։
Տարիքը յառաջացած մեր ուսուցիչին՝ պրն. Մկրտիչեանին աչքերուն մէջ կը ցոլար ներքին յուզումը։
Ձեռքերը մեղմօրէն կը դողային։ Ու աչքերը համարեա՛ թաց էին։ Հոն ան քողարկած կը պահէր իր ուրախութիւնը։ Մեր սասունցի խրոխտ ուսուցիչը իր խօսքը մեզի՝ երեքիս ուղղելով ըսաւ.
– Տղա՛ք, ձեզի մաղթանք մը պիտի ընեմ. ձեր մատները թող որ կոտրին, եթէ գրիչը վար դնէք։
Յանկարծ զանգը հնչեց. ու մենք չտեսանք թէ պրն. Մկրտիչեանին աչքերուն մէջ շատցած էին ըմբոստացող արցունքի կաթիլները ու շատնալով վար կը գլորէին իր արդէն կնճռոտած այտերէն։
Վերջին հայ գրականութեան պահը։
Վերջին շարադրութիւնը։
Վերջին դասապահը պրն. Մկրտիչեանին հետ։ (Ան մեկնեցաւ ԱՄՆ միանալու իր զաւակներուն)։
Ու մենք ստացանք մեր սիրելի ուսուցիչին մաղթանքը, թէկուզ փարատոքսային բառերով ու ոճով։ Սրտաբուխ ու անկեղծ իր վերջին մաղթանքը մեզի ուղղուած։
Կարօ Վ. Մանճիկեան