Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ գործել միջազգային իրաւունքը խախտող այնպիսի ոճիրներ, որոնց դէմ ամերիկեան կառավարութիւնը օրէնքներ ունի, եւ ըստ անոնց, պէտք է պատժամիջոցներու ենթարկուի ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլեւ անոր ղեկավարը:

Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ սփռումին ընթացքին ըսաւ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան՝ վստահեցնելով, որ ամերիկեան կառավարութեան ու Քոնկրէսի ներկայ քայլերը չափազանց կարեւոր են:

«Քոնկրէսը պէտք է Սպիտակ տան, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կոչեր ուղղէ, որ կեդրոնանան նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու ճիգերուն վրայ: Պարոն Օքամփօն շատ յստակ բացատրեց՝ երբ բանակցող կողմերէն մէկը ցեղասպան ղեկավար է, իսկ միւս կողմը անմեղ մարդիկ են, անոնց միջեւ բանակցութիւններ չեն կրնար ըլլալ:

Ամերիկեան կառավարութիւնը, նախեւառաջ, պէտք է կեդրոնանայ դադրեցնելու ցեղասպնութիւնը եւ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկէ Արցախ: Կը կարծեմ՝ ԱՄՆ պէտք է ամէն ինչ ընէ, որ մեղսակից չդառնայ այս պահուն տեղի ունեցող ցեղասպանութեան՝ օժանդակելով Ատրպէյճանի կառավարութեան թէ՛ զէնք մատակարարելու ճամբով, թէ՛ որևէ այլ տարբերակով», ըսած է Չուլճեան:

Անոր համաձայն, ԱՄՆ կը փորձէ խուսափիլ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն յստակ որակաւորումներ տալէ:

«ԱՄՆ այս պահուն տեղի ունեցող ցեղասպան քաղաքականութիւնը դադրեցնելու անհրաժեշտ գործողութիւններ չի իրականացներ եւ բանակցութիւնները կ’ընթանան առանց Ատրպէյճանի նկատմամբ ճնշումներու։ Թէեւ ԱՄՆ դատապարտած է Ատրպէյճանը, բայց խօսքերը այլեւս բաւարար չեն, պէտք է յստակ միջոցներու ձեռնարկել: Այսօրուան լսումներուն մասնակիցները շատ յստակ բացատրեցին, թէ ինչ միջոցներով ԱՄՆ կրնայ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ, օրինակ, շեշտել, որ Ատրպէյճան Արցախի նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ’իրականացնէ, յետոյ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանին եւ անոր ղեկավարներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ դադրեցնել զինուորական օժանդակութիւնը: ԱՄՆ, կարծես, կը փափաքի խուսափիլ նմանատիպ լսումներէ, որովհետեւ գիտէ՝ իրենք չեն ըսեր այն, ինչ կը փափաքի լսել քոնկրէսը», ըսած է Չուլճեան: