Լիպիոյ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Օսման Ապտըլ Ճալիլ յայտնեց, որ երկիրը ցնցած «Տանիէլ» մրրիկին հետեւանքով Լիպիոյ արեւելեան Տարնա քաղաքը աղէտալի քանդումի ենթարկուած է, արձանագրուած են հազարաւոր զոհեր։
Նախարարը աւելցուց, որ նախարարութիւնը կարիք ունի մրրիկին պատճառած ջրհեղեղին հետեւանքով Տարնայի մէջ փլատակներու տակ մնացած անյայտ կորածներուն յայսնաբերման համար մասնագէտ խմբակներու, կոչ ուղղելով բարեկամ երկիրներուն օգնութեան ձեռք երկարելու եւ մասնագէտ խմբակներ ուղարկելու։
Ան աւելցուց. «Ճապալ Ախտար շրջանի կարգ մը գիւղերը այցելելէ ետք տեսանք, որ իրավիճակը մեր պատկերացուցածէն շատ աւելի վատ է, զոհերուն թիւը անցած է 2000-ը, իսկ անյայտ կորածներունը՝ մինչեւ վայրկեանս յստակ չէ»։

Լիպիական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ 10 Սեպտեմբերին «Տանիէլ» մրրիկին յառաջացուցած յորդառատ անձրևներուն պատճառով հեղեղումներ և ջրհեղեղներ գրանցուած են Լիպիոյ արևելեան շարք մը քաղաքներուն և բնակավայրերուն մէջ՝ պատճառ դառնալով մարդկային կորուստներու եւ աւերներու։ Յորդառատ անձրևներուն հետեւանքով տարածաշրջանին մէջ փակուած են նաեւ օդանկայաններն ու նաւահանգիստները։