«ՌԻԱ Նովոսթի» կայանին համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ հաղորդած է, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա 1 միլիոն թոն հացահատիկի մատակարարման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
«Բոլոր հիմնարար համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են: Մենք կ’ակնկալենք, որ մօտ ապագային աշխատանքային հաղորդակցութեան մէջ պիտի մտնենք բոլոր կողմերուն հետ՝ մշակելու նման մատակարարումներու համար նախագիծի բոլոր թեքնիք ծրագիրները», ըսած է դիւանագէտը:
Ան աւելցուցած է, որ կողմերը տակաւին քննարկելի հարցեր ունին, որոնք կը վերաբերին նիւթական հարցերու, երթուղիներու եւ այլն:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին ու Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Երկուշաբթի օր Սոչիի մէջ բանակցութիւններ ունեցած էին եւ քննարկած հացահատիկի գործարքին առնչուող հարցեր:
Փութին յայտնած էր, որ Մոսկուա պատրաստ պիտի ըլլայ վերակենդանացնելու հացահատիկի գործարքն ու կեանքի կոչէ զայն արձանագրուած համաձայնութիւններու լոյսին տակ: Մոսկուա, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մտադիր է շարունակել սննդամթերքի եւ պարարտանիւթերու արտահանումը, օգնել գիներու կայունացման եւ բարելաւել համաշխարհային գիւղատնտեսութեան ոլորտի տիրող կացութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահը ըսած էր, որ Ռուսիա շուտով հացահատիկ պիտի տրամադրէ ափրիկեան երկիրներուն: Էրտողան իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած էր հետագայ մատակարարումներուն առումով մասնակից ըլլալու ռուսական հացահատիկի վերամշակման հոլովոյթին: