Ինչպէս նախապէս յայտատարուած էր, Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ:
Այսօր՝ 12 Սեպտեմբերին, մարդասիրական բեռը ռուսական Կարմիր խաչին միջոցով եւ այդ կազմակերպութեան մեքենաներով, հանրապետութեան իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ մուտք գործած է Արցախի Հանրապետութիւն՝ Ասկերան քաղաքէն:

Օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ:
Մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան եթերով:

Արցախի Տեղեկատուական Շտապ