Արցախցիներ Ատրպէյճանի կողմէն Կարմիր Մահիկի բեռնատարներով Արցախի ժողովուրդին ղրկուած «մարդասիրական» բեռին Արցախ մուտքը արգիլելու համար կը շարունակեն ցոյց իրականացնել ու փակ պահել Ակնա-Ասկերան ճանապարհը։
Ցոյցին մասնակիցները «Արցախփրէս»-ին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեցին, որ դիմադրութիւնը կը շարունակուի։ Անոնք կը պայքարին, որ Ատրպէյճանի կողմէն ուղարկուած ոչ մէկ «մարդասիրական օգնութիւն» Արցախ մտնէ: