Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Խառն ժողով, նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի:

Ժողովին հիւրաբար ներկայ եղաւ նաեւ շրջանս գտնուող Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, որ առ ի գնահատանք եւ յերախտագիտութիւն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի կողմէ Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան ուղղուած տարիներու զօրակցութեան, իր անձնական ասան (առաջնորդական գաւազանը) նուիրեց Թորգոմ Սրբազանին:

Շնորհակալական եւ գնահատանքի այս ժեսթը բարձրօրէն գնահատուեցաւ Խառն ժողովին կողմէ: