Զինուորական աղբիւներ յայտնեցին, որ Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 17։22-ին, Իսրայէլ Միջերկրական ծովէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Թարթուսի զինուորական կարգ մը կեդրոններու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով երկու զինուոր նահատակուեցաւ, 6 զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։