Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ անոր ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն սուրիական քարիւղային հարստութիւնը թալանել։
Նախարարութիւնը նամակ յղեց ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ Անվտանգութեան Խորհուրդին, կոչ ուղղելով անոնց վերջ տալու ԱՄՆ-ի եւ սուրիական տարածքներու վրայ գտնուող անոր ուժերու թշնամական արարքներուն եւ ոտնձգութիւններուն։

Նախարարութիւնը անդրադառնալով քարիւղային եւ հանքային հարստութիւններու կրած վնասներուն ըսաւ. «ԱՄՆ-ի եւ անոր ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու թալանին հետեւանքով սուրիական քարիւղային եւ հանքային հարստութեան հատուածին կրած ընդհանուր վնասները 2011-էն մինչեւ 2023-ի կէսը հասան 115, 2 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ քարիւղային հատուածին կրած ուղղակի վնասները հասան 27,5 միլիառ ԱՄՆ տոլարի, հետեւեալ մանրաշասնութեամբ.
-Շուրջ 341 միլիոն քարիւղի տակառ թալանուած եւ այրուած է, 100-էն 130 հազար տակառ օրական դրութեամբ, իսկ վերջերս 150 հազար տակառ օրական, ինչպէս նաեւ 59,9 միլիոն մեթր խորանարդ կազի տակառ եւ 413. 000 թոն բնակարանային օգտագործման կազ օրական, ընդհանուր հաշիւով 21,4 միլիառ ԱՄՆ տոլար։
-Քարիւղային հաստատութիւներու քանդումի եւ թալանումի վնասները հասան շուրջ 3,2 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։
-«Միջազգային Դաշինք» կոչուած օդանաւերու ռմբակոծման հետեւանքով վնասուած քարիւղի եւ կազի հաստատութիւններուն վնասները հասան 2, 9 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ քարիւղային հատուածի կրած անուղղակի վնասները հասան 87,7 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։