ՎԱԽ
Ջուրի մեծ հեծանիւը վախ կ’ազդէր, բայց եւ կը գրաւէր. ինչո՞վ. կ’երեւի՝ նորութեամբ. չէր փորձած։
Հեծանիւը վարող երիտասարդը զգաց իր տատամսիլը, միաժամանակ առաւ հոտը իր հմայուած վիճակին. վաւերական յաճախորդ։
-Ելի՛ր,- ըսաւ համարձակութեամբ։
-Որքա՞ն է։
-Քառորդ ժամը 13 $։ Ելի՛ր։
-Ո՛չ։
-Կը վախնա՞ս։
-Չեմ վախնար. ամուսինս …
-Ի՛նքն ալ թող գայ։
Ամուսինը չեկաւ. եւ ինք, մինակ չըլլալու համար տղուն հետ, կանչեց ընկերուհիին մանչը։
Ալիքները կը ճօճէին հեծանիւը, որ արագ ու հեզասահ կը բարձրանար, սիրտը հետը վեր տանելով։ Ա՛ս է ազատութիւնը, կը մտածէր, ա՛ս, ծովուն անհունութեան մէջ, գրեթէ մերկ եւ ամբողջովին մինակ։ Եթէ պիտի չունենամ ամբողջական ազատութիւն, անկէ փրցուած-խածուած պահը գոնէ իմս է …
Եւ ծովը կը խօսէր իրեն, կը պատմէր անվերջ ճամբորդութիւններու եւ խորտակումներու մասին։ Ալիքները կը հրճուէին իր հետ ու կը յիշէին համը աղին ու արցունքին։
Ծանր հեծանիւը հեզասահ ու արագ կը բարձրանար եւ յետոյ կ’իյնար մեծ թափով։ Կը յիշէր մանկութեան երազները, նոյնը ամէն գիշեր՝ կը բարձրանա՜ր, կը բարձրանա՜ր դանդա՜ղ-դանդա՜ղ ու յետոյ մեծ թափով կ’իյնար։ Ինչո՞ւ բոլոր բարձրացումները անկումներով կ’աւարտին։ Կ’որոշէր ալ բնաւ-բնա՛ւ չտեսնել այդ երազը։ Բայց կը տեսնէր ամէն գիշեր, եւ միշտ նոյն վախը կ’ապրէր։
Ինչպէս հիմա։
Այդ ապրումին ծանօթի պէս հանդիպեցաւ։ Մեծցեր էր ինք, բայց վախը կը մնար իրմէ մեծ եւ անղեկավարելի։
Սկսաւ ճչալ։
Այդ ճիչերէն էր կ’երեւի, որ մանչը կորսնցուց տիրապետումը եւ հեծանիւը կողին վրայ պառկեցաւ։
Ինկան։
Հեծանիւէն մինչեւ ջուրին հասնիլը շատ արագ տեղի ունեցաւ։ Զգաց որ կ’իյնայ։ Ոչինչ ըրաւ։ Գիտէ՞ր որ անօգուտ պիտի ըլլար …
Բայց սուզուիլը երկար տեւեց՝ slow motion. իսկական առանձնութիւն էր՝ ոչ ձայն, ոչ շարժում, ոչ ոք։ Ի՛նքը, խո՛րքը, սուզո՛ւմը։
Սպասեց, որ վախը գրոհէ հիմա, ճի՛շդ հիմա, այս կատարեալ առանձնութեան մէջ. գրոհէ եւ վերջնականօրէն տապալէ զինք։
Փոխարէնը անդորր մըն էր. տարօրինակ, անսովոր, նոյնիսկ հաճելի անդորր մը. քերթուածը եւ ինք. սուզումը բառերուն խորքը, կատարեալ առանձնութեան մը մէջ՝ ոչ ձայն, ոչ շարժում, ոչ ոք։ Ի՛նքը, քերթուա՛ծը, սուզո՛ւմը։
Մէկը դաստակը ցաւցնելու չափ ամուր բռներ էր։ Զինք վեր քաշեց: Սուզումը կասեցաւ։
Չէր վախնար։ Բնաւ չէր վախցած։
* * *
Ասիկա վաղուց ապրուած եւ վաղուց գրուած պատմուածք մըն է. օրերը յիշեցուցին զայն ինծի, որովհետեւ որոշ նմանութիւններ կան այսօրուան եւ վաղուց զգացած վախիս կամ վախերուս միջեւ:
Ժամանակին շատ դիւրին էր, կը կարծեմ, առօրեան ապրիլը, երբ չկային ընկերային ցանցերը եւ անոնցմէ ծորող լուրերը, որոնք ե՛ւ կը տիրապետեն մեր վրայ, ե՛ւ մեր պաշտպանողական համակարգը կը ցնցեն կարծես:
Շրջան մը առաջ այլ էր հոգեբանական կեցուածքը՝ այնքան ատեն որ մեր քաղաքը/երկիրը խաղաղ է, աղէտներ եւ
պատերազմներ չկան, ուրեմն լաւ կ’ապրինք մեր առօրեան, իր դժուարութիւններով հանդերձ…
Այսօր սակայն բաւական յստակ դարձաւ, թէ համաշխարհայնացումը սուսիկ-փուսիկ եկեր եւ մեր մէջտեղը նստեր է այն իմաստով որ ա՛լ հեռու-մօտիկ չմնաց. բոլորս մէջն ենք այս երկրագունդ-կաթսային, որ սկսեր է մեծ ցնցումներով եռալ:
Ատենին շատեր ունէին Հայաստանը, որ իրենց համար վերջին կայքը պիտի ըլլար. ուրիշներ ունէին Քանատա-Ամերիկան, քիչերու համար՝ Ֆրանսան կամ Աւստրալիան այլընտրանք էր:
Հիմա բառացիօրէն ամէն կողմ նոյն անապահով, նոյն անելանելի կացութիւնն է. կա՛մ պատերազմ է, կա՛մ քաղաքացիական կռիւներու վիճակ, կա՛մ բնութեան աղէտներ …
Եթէ ասոնք չեն, ապա պետական դպրոցներուն մէջ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղեղի լուացումն է անբնական գաղափարներով, որոնց դէմ ծնողքն իսկ չի կրնար արգելք դառնալ, ըստ այդ երկիրներուն, մանաւանդ ԱՄՆ-ի օրէնքներուն:
Սակայն պէտք է ըլլայ տեղ մը, վայր մը ներքին, ուր կարենանք մեր հաւասարակշռութիւնը պահել այս ցնցուող կաթսային մէջ: Տեղ մը, որ մեզի համար պէտք էր պատրաստած ըլլայինք, բայց թերացեր ենք: Տեղ մը, որ մեր ամէնէն նեղ շրջանակէն քիչ մը աւելին ըլլար, հայրենիքը, ուր չէինք, բայց որ մեզի համար արդէն ապահով կռուան դարձեր էր. դարձեր էր հոգեկան ապահովութիւն:
Բայց թերացեր ենք. շատ թերացեր ենք քանի մը կէտերու մէջ. այսպէս.
1-Ճանչնալու Արեւմտահայաստանի պատմութիւնը, ճանչնալու այսօրուան Հայաստանը.
2-Ճանչնալու այսօրուան պետութեան քաղաքական կեցուածքը.
3-Գիտնալու թէ օտար լեզուով ի՞նչ գրականութիւն ունեցած ենք պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ քաղաքականութեան մասին, որովհետեւ ունեցած ենք, բայց չենք գիտեր.
4-Շատ լաւ ճանչնալու Սփիւռքի գաղութները, իմանալու թէ ի՛նչ նուաճումներ կ’ըլլան հոն, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ հաւասարապէս.
5-Գիտնալու թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նուաճել համաշխարհային հարթակները.
6-Քարիւղ չունինք. ի՞նչ է փոխարինող նիւթը, որ կրնայ մեր հարցը կարեւոր դարձնել քաղաքականութեան մէջ.
Մեզմէ քանի՞ն գիտէ այս կէտերը, գոնէ 1, 2, 4-ը, կամ մտածեր է անոնց մասին եւ փորձեր լուծումներ գտնել կամ վիճակը դարմանել:
Ահա թէ ուրկէ՛ կու գայ իմ ներքին, էութենական վախը, որուն մէջ կարծեմ թէ մինակ չեմ, շատեր ինծի հետ նոյնը կը զգան: Եթէ Արեւելքի գաղութներուն մէջ ատիկա կը զգանք նաեւ ֆիզիքապէս, Արեւմուտքի գաղութները անոր հոգեկան անդրադարձը միայն կ’ապրին:
Աւելի վախազդու կէտը այն է, որ կը կարծենք թէ լուծումներ չունինք, լուծումներ չկան:
Իսկ ես կը կարծեմ թէ լուծումներ մի՛շտ կան՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար». կը բաւէ փնտռել զանոնք լրջօրէն, փընտռել բառերէն անդին, փնտռել անպայմա՛ն գտնելու հաւատքով:
Մարուշ Երամեան