Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց նոր ցուցակ մը, որուն համաձայն Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս վարչական նոր պաշտօնեաներ նշանակուեցան, համաձայն Հալէպի Պետական Համալսարանի նախագահ դոկտ. Մահէր Քարմանի առաջարկին։

Վարչական նոր պաշտօն ստանձնողներուն մէջ կան երկու սուրիահայեր, որոնք պիտի ստանձնեն հետեւեալ պաշտօնները իրենց մասնագիտական բարձր որակին բերումով։

Դոկտ. Նազիրա Սարգիս՝ Դեղագործութեան համալսարանի գիտական հարցերու փոխտնօրէն, իսկ դոկտ. Էլիզապէթ Սարգիս՝ Ատամնաբուժութեան համալսարանի աշակերտական եւ վարչական հարցերու փոխտնօրէն։

Յիշեցնենք, որ դոկտ. Նազիրա Սարգիս առաջին սուրիահայն նախարարուհին էր, որ սուրիական կառավարութեան մէջ կենսոլորտի նախարարութեան պաշտօն կը ստանձնէր։