Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանը կը վերսկսի իր առաքելութիւնը ուսումնատենչ ու ապագայատեսիլ սերունդներ կազմաւորելու, որպէսզի անոնք մեր կեանքին տան նոր որակ , նոր սլացք , որպէսզի գաղութի դերն ու նշանակութիւնը աւելիով շեշտուի եւ երբեք չխամրի։
Երկուշաբաթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, վարժարանիս առաջին զանգը հնչեց, ներկայութեամբ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Թաղական Խորհուրդի ատենապետին, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներուն, վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ կրթութեան տնօրէն  Պատրիէ Սալէմի։
Աշակերտները «Առաւօտ Լուսոյ» աղօթքով Տէր հօր հետ վերամուտին բացումը կատարեցին, ապա վարժարանիս տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն , հոգաբարձութեան , ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան ու ըսաւ, որ բոլորս ամրան արձակուրդէն կազդուրուած եւ մեր դպրոցը կարօտցած կը սկսինք մեր նուիրական առաքելութիւնը՝ ուսման կողքին հայ աշակերտին մեր մայրենի լեզուն սորվեցնելով եւ հայեցի ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով։
«Սիրելի՛ աշակերտներ, այսօր մեր գաղութի ղեկավարները հետաքրքրուած են մեր կրթական դաստիարակչական գործընթացով։ Մեր կարգին խօսք կուտանք ըլլալու նախանձախնդիր, որպէսզի մեր աշակերտները ըլլան ուսումնական կեանքի մէջ յաջող եւ տիպար հայեր եւ հասակ նետելով իրենք եւս տէր դառնան հայ դպրոցին, գաղութին եւ հայրենիքին»։
Քահանայ հայրը իր կարգին մաղթեց անվտանգ եւ բարեբեր տարի, ուժ եւ համբերութիւն ցանկալով ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան,  բեղուն աշխատանք՝ հոգաբարձութեան եւ բարի երթ՝ աշակերտութեան։
Նայիրի Կարապետեան