– ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ «ՍՓԻՒՌՔԸ…»

Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան անդամներու եւ համայնքի զաւակներու, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսավարութեամբ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, տեղի ունեցաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի՝ երկրորդ տարին ըլլալով Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ ներքին կեանքի վերանորոգութեան ուղղուած հռչակագիրի լոյսին տակ գրական-գեղարուեստական բովանդակութեամբ ձեռնարկ: Նաեւ, այս առիթով կատարուեցաւ գրող Գէորգ Պետիկեանի 10-րդ՝ «Սփիւռքը…» հատորի ներկայացում, Տիկին Ֆրիտա Հաճեանի կողմէ:

Ձեռնարկը հանդիսացաւ մղում ու խթան, որպէսզի իր սրտի խօսքով հանդէս գար Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Վեհափառ Հայրապետի վերակազմակերպման ու վերանորոգումի առնչուող կորովի մտածումները պատմական շինիչ օրինակներով սեփականութիւնը դարձնէր եկեղեցին լեցուցած ներկաներուն, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սփիւռքեան դարաւոր կեցութեան հիմնաքար հանդիսացող Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր անմիջական ծնունդ Հայ Դպրոցի գոյութեան կարեւորութեան վրայ՝ միաժամանակ վեր առնելով հայ-քրիստոնեայ սերունդներու հայակեդրոն ու ազգային նկարագիրի կերտման, հայօրէն գոյատեւելու անհրաժեշտութիւնն ու հայկական համայնքներու աշխուժացման ընդգծելի հրամայականը եւ այս առիթով յայտարարեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը 2023-2024 կրթական տարեշրջանին կը հովանաւորէ Հալէպի Ազգային վարժարաններու 50 աշակերտներու կրթաթոշակը, ապա գնահատեց գրողը, բանախօսը, ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու աշակերտական մասնակցութիւնը:

Յայտնենք, որ ձեռնարկը կազմակերպած էին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանականներու Լոս Անճելըսի ընկերակցութիւնը: Բանախօսին կողմէ հատորի մանրամասն ներկայացումէն եւ արժեւորումէն ետք շնորհակալական եւ սրտի խօսքերով հանդէս եկաւ նաեւ հեղինակը եւ ներկաներուն փոխանցեց իր անհատական յոյզերը՝ Հալէպի Ճեմարանէն մինչեւ Լոս Անճելըս եւ բազում տարիներու կրթական ծառայութիւն:

Նշենք, որ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով փոխնիփոխ ասմունք ու հայրենասիրական երգեր մատուցեցին Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, խմբավարութեամբ երգի ուսուցչուհի Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի: