Յակոբ Բագրատունի. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Լիբանանի Պետական Շրջանակներուն
Չծառայելու Ցեղասպանական Պետութիւններուն` Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի»
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, անսալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոչին, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն բազմահազար հայորդիներ համախմբուեցան Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` բուռն կերպով բողոքելու համար Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Ապահովական մարմինները յայտնապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստացած էին պատուէր` խիստ կերպով հակազդելու ցուցարարներուն:

Անտեղիօրէն օգտագործուած արցունքաբեր կազերու պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ վիրաւորներ: Անոնք բոլորն ալ փոխադրուեցան հիւանդանոց:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դատապարտեց ապահովական մարմիններու ոչ համարժէք հակադարձութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան որոշ շրջանակներու չենթարկուելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սադրանքներուն:

Ցուցարարները պարզած էին պաստառներ, որոնց բովանդակութիւնը կը բացայայտէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական դիմագիծը, ռազմական ոճրագործի հանգամանքը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնը:

Ցուցարարները նաեւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեցին պատժել 21-րդ դարուն ցեղասպանութիւն իրականացնող Ատրպէյճանի պետութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ մարդկային 4 հազար տարուան մշակոյթ կը բնաջնջուի տարբեր ազգերու պայքարի զոհասեղանին վրայ, ազգեր, որոնք կը դաւեն, կը ծրագրեն ու կը գործադրեն, կողմ կ՛ըլլան կամ կը բաւարարուին դատապարտումի ամօթալի հաղորդագրութիւններով: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը անկարող է կասեցնել հաւաքական ցեղասպանութիւնը 21-րդ դարուն, յաչս աշխարհին:

Այվազեան նշեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դատարկուի իր իսկական բնակիչներէն, անոր մշակոյթը կը քանդուի, ինչպէս կատարուեցաւ Արեւմտահայաստանի մէջ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, որուն ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը: Իսկ այսօր թուրքերուն եղբայր ազերիները կը շարունակեն նոյն ընթացքը: Ան լուսարձակի տակ առաւ, որ 1915 թուականին, երբ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ, հայութիւնը գինը վճարեց իր արեամբ, որ նուազ թանկ նկատուեցաւ քարիւղէն, իսկ այսօր` շուրջ հարիւր տարի ետք, երբ կրկին այդ փոփոխութիւնը կ՛ապրի աշխարհը, անգամ մը եւս կը հոսի հայուն արիւնը, որ նուազ թանկ կը նկատուի կազէն:

Լութֆիկ Այվազեան յայտնեց, որ պատահածին պատասխանատու են բոլորը` ոճիրը ծրագրողը, գործադրողը, Հայաստանի կողմնակալ դաշնակիցը, Հայաստանի անատակ վարչապետը, ինքնիրեն ժողովրդավար, քաղաքակիրթ, ազնիւ ներկայացնող միջազգային ընտանիքը, որ լոկ դիտողի դերին մէջ մնաց: Ան նշեց, որ 20-րդ դարու համաձայնագիրները կը պատռին, շրջաններու սահմանները եւ ազդեցութեան գօտիները կը փոխուին, նոր համաձայնագիրներ կը կնքուին` բոլորն ալ փոքր ազգերու արեամբ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը հազարներով համախմբուած է Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` իբրեւ բողոք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ կատարուող ատրպէյճանական-թրքական յարձակումներուն, իբրեւ մերժում միջազգային ընտանիքին լռութեան: Այվազեան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը կը շրջափակէ դեսպանատունը այն երկրին, որ ոճիրներ գործեց մարդկութեան դէմ, սպաննեց, չարչարեց, տեղահան ըրաւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհին կու գայ յիշեցնելու, որ իրաւունքը չի մեռնիր, այնքան ատեն որ իրաւատէր կայ:

Իր խօսքը աւարտելով` Լութֆիկ Այվազեան հաստատեց, որ մեր համբերութեամբ, վճռականութեամբ եւ պայքարի ոգիով պիտի շարունակենք մեր երթը, մինչեւ որ մութ ամպերը փարատին Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական բռնագրաւուած շրջաններուն երկինքէն:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն` դիտել տալով, որ այս ցոյցին հազարներով մասնակիցները ընդառաջեցին հայ ժողովուրդի կանչին, ազգի կոչին, Եռաբլուրի մէջ հանգչող, բայց պայքարող նահատակներու կտակին, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ տակաւին իրենց հանգիստը չգտած Լիզպոնի նահատակներուն, Տէր Զօրի անապատներուն մէջ տակաւին իրենց ոսկորները չհանգչած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Այսօր պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի, նոր էջ կը բացուի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան նոր ցեղասպանութիւն գործեցին մեր դէմ:

Բայց եւ այնպէս Յ. Բագրատունիի խօսքը ընդհատուեցաւ` ապահովական ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն վրայ արձակուած արցունքաբեր կազերու արձակման, ստեղծուած իրարանցումին եւ արձանագրուած վիրաւորներուն պատճառով: Ան կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն եւ բանակայիններուն, որ չպաշտպանեն ոճրագործները, այլ պաշտպանեն իրաւունքը` շեշտելով, որ ցուցարարները անոնց դէմ չեն:

Որոշ դադարէ մը ետք Յակոբ Բագրատունի կրկին խօսք առաւ` դիտել տալով, որ, ըստ երեւոյթին, Ներքին ապահովութեան ուժերուն տուած հրահանգները բաւական կարծր էին` Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ գործակցող լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ:

Ապա ան շարունակեց իր խօսքը` շեշտելով, որ այս ցոյցին մեծաթիւ լիբանանահայութեան ներկայութիւնը փաստ է, որ մեր ժողովուրդը չէ հիասթափած: «Ասիկա առաջին պարտութիւնը չէ, որ ունեցանք մենք, Ցեղասպանութիւնը, տեղահանութիւնը, գաղթականութիւնը պարտութիւն էին, բայց մենք կրկին ոտքի կանգնեցանք, անկախ հանրապետութիւն, ազատ Արցախ, ազատ Հայաստան ունեցանք, իսկ այսօր Արցախը յանձնուեցաւ Հայաստանի անշնորհ իշխանութիւններուն կողմէ, այսօր պարտուած ենք Արցախի մէջ, բայց չենք պարտուած իբրեւ ժողովուրդ, չենք պարտուած իբրեւ հայ ցեղ, իբրեւ հայ ազգ: Կը պարտուինք այն օրը միայն, երբ մեր հոգիներէն դուրս կը շպրտենք հայկականութիւնը, երբ մեր նահատակները կը յիշենք միայն մեռելոցներուն, երբ կ՛ըսենք` Հայաստանը մերը չէ, Արցախը մերը չէ», հաստատեց Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցողը հարուած է համայն հայութեան, իսկ մեզ հոս հասցնողները Հայաստանի իշխանութիւններն են, այսպէս կոչուած ժողովրդավար բռնատէրն է:

Ապա ան անդրադարձաւ նախորդ 3-4 տարիներուն արձանագրուած նահանջին, պարտուողական-յանձնուողական քաղաքականութեան, ազատ խօսքն ու իրաւունքի ձայնը լռեցնելու ներկայ իշխանութիւններու քաղաքականութեան, աւելի՛ն` արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան, որուն հետեւանքները ծանր եղան: Բագրատունի շեշտեց, որ Արցախը ամբողջ հայութեան է, եւ ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր գայլերու վոհմակին` աւելցնելով, որ ան մեծ նուէր է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Ան կոչ ուղղեց պայքարելու, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ Արցախ, եւ անիկա պատմական անունի մը չվերածուի, չթրքանայ Հայաստանը, այլ մնայ հայկական, կոչ ուղղեց կոտրելու շղթաները, գիտակցելու, որ մեր բռունցքն է, որ մեր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, եւ ոչ թէ դիւանագիտական ժպիտները: «Մենք անպայմանօրէն պիտի յաղթենք, այնքան ատեն որ ունինք երիտասարդութիւն, ունինք հայու սիրտ, հայու կամք, հայու բռունցք», հաստատեց Բագրատունի` շեշտելով, որ մենք վճռած ենք ապրիլ, պայքարիլ եւ շարունակել հայութեան երթը:

Ապա ցոյցին վայրը գտնուող տեղական լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք զօրակցեցան հայութեան` անհասկնալի նկատելով լռութիւնը անոնց, որոնք տակաւին չի գիտեր, թէ Թուրքիան էր, որ Լիբանանը գրաւեց եւ սպանդներ գործեց Լեռնալիբանանի մէջ: Ան շեշտեց, որ այսօր ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ 120 հազար արցախահայութեան նկատմամբ գործադրուող ցեղային զտումը պէտք է նկատուի մարդկային դատ մը, որուն պէտք է զօրակցիլ, պատժել ոճրագործը իբրեւ պատերազմի ոճրագործ: Ան դիտել տուաւ, որ մենք ճիշդ է, որ խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, կապեր չունինք, բայց եւ այնպէս այսօր հասած ենք տեղ մը, ուր խաղաղասիրութիւնն ու դիմացինը յարգելն ալ ունին սահման:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի վարչապետը, նախարարներն ու երեսփոխանները պէտք է կեցուածք ունենան Արցախի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ` մոռնալով, որ շահեր ունին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ:

Յայտնենք, որ Ատրպէյճանի դեսպանատան ապահովութիւնը ստանձնած ուժերը ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկեցին անհամաչափ ուժ, որուն պատճառով արձանագրուեցան բախումներ: 30 վիրաւորներ փոխադրուեցան հիւանդանոց: