Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց, դեսպան Հայտար Ալի Ահմէտ շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու անյապաղ վերացումը միակ միջոցն է այդ պատժամիջոցներուն հետեւանքով ստեղծուած մարդկային աղէտալի իրավիճակի բարելաւման։

Դեսպան Ահմէտ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Մարդկային իրաւունքները խախտող պատժամիջոցներուն հետեւանքները անաչառութեամբ արձանագրող Էլենա Տոհանին շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ ներկայացուցած իր առարկայական զեկոյցին եւ վերլուծութեան համար, ինչ որ առիթ կ՚ընծայէ աւելի անկախ եւ թափանցիկ տուեալներով քննարկելու պատժամիջոցներուն աղէտալի հետեւանքները։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ սահմանուած պատժամիջոցները մարդութեան դէմ ոճիր համարելու իր յանդգնութեան համար»։