Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2023-2024 համալսարանական ուսումնական տարեշրջանի նախընտրելի ճիւղեր դիմելու արձանագրութիւնները առցանց դարձան։ Հետեւաբար սուրիական տարբեր նահանգներու կամ այլ երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացի, նոյնիսկ արաբ կամ օտար ուսանողներ, ներառեալ նահատակներու եւ վիրաւորներու զաւակներ, արեւելեան շրջաններու մէջ գտնուող ուսանողներ եւ համալսարանական դասատու խորհուրդի զաւակներ կրնան առցանց արձանագրուիլ նախարարութեան ճշդած հարթակին միջոցով, առանց կարիք ունենալու արձանագրութեան կեդրոններ այցելելու։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ նոյն հարթակին միջոցով ուսանողը կրնայ մէկէ աւելի անգամներ արձանագրուիլ, վերատեսութեան ենթարկելով իր նախասիրած ճիւղերուն ցանկը, պայմանաւ որ վճարէ ուսման վարձքը ելեկտրոնային հարթակով։