«ԽԱՉԸ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է , ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ, ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՆՇԱՆ»

ՄԱԿԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Խաչվերացը Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է, որ կը յիշատակէ գերութենէն խաչի վերադարձը եւ փառաբանութիւնը։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Եպս.Աշգարեանի, Ուրբաթ 15 Սեպտեմբեր 2023-ին, Դամասկոսի «Զաւարեան» համալիրէն ներս մեծ շուքով յիշատակուեցաւ խաչվերաց տօնը։

Օրուան տօնախմբութիւնը իր ներկայութեամբ պատուեց Բերոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Եպս.Աշգարեան։

Սրբ. հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան «Ահարոնեան»-ի կեդրոնի վարչութեան, միութիւններու վարչութեանց, Ազգ.Միացեալ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ հայորդիներու հոծ բազմութեան կողմէ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Թեմի Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Թեմի Ազգային ժողովի ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սուրէն Վարդանեան։

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի քայերգները, ապա Կիլիկիա մաղթերգը։

Օրուան հանդիսավարներն էին Մակի Զահթէրեան եւ Վրէժ Թովմասեան։

Մակի Զահթէրեան յանուն «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ միութիւններուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց։ Ան անհուն երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հայրական հոգատարութեան համար, որ իր ներկայութեամբ յոյս եւ կորով ներշնչեց դամասկահայութեան։

«Ահարոնեան» կեդրոնի խօսքը արտասանեց կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան, որ ջերմեռանդութեամբ ողջունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը դամասկահայութեան հետ ըլլալու եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելու համար։

Ան նախ արաբերէնով երախտագիտութիւն յայտնեց երկրի իմաստուն եւ քաջարի նախագահ տոքթ.Պաշար ալ-Ասատին մաղթելով անոր ոյժ եւ կորով, Սուրիական Հայրենիքին խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն՝ առաջնորդութեամբ կորովի նախագահին եւ սուրիական բանակին։
Արմէն Ուրֆալեան հայերէն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամին յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին իմաստուն առաջնորդութեան շնորհիւ շուտով երկիրը կը վերագտնէ իր նախկին փառքը եւ ժողովուրդի տնտեսական պայմանները կը բարելաւուին։

Ան խօսքը շարունակելով անդրադարձ կատարեց հայութիւնը մտահոգող համահայկական խնդրին՝ Արցախին, անոր գոյութեան սպառնացող Ատրպէյճանի անմարդկային շրջափակման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարման ի լուր միջազգային ընտանիքին։

«Այսօր մեր հայրենիքը լուրջ վտանգի առջեւ կը գտնուի: Արցախը տասնեակ ամիսներէ շրջափակման մէջ է, ժողովուրդին ո’չ սննդամթերք, ո’չ դեղորայք կը հասնի. Հետեւաբար մենք չենք ընդունիր որ որեւէ իշխանութեան կամք կամ գերպետութիւններու որոշումներ պարտադրուին մեր ժողովուրդին։ Արցախի ժողովուրդը ինք է տէրը Արցախին եւ որոշած է իր ապագան։ Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ», ըսաւ ան ու հաստատեց, որ հայութիւնը ամէնուրեք Արցախի կողքին է։

Այնուհետեւ Գերշ. Տէր Մակար Եպս.Աշգարեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալուն առիթով ոպ ըսաւ . «Ինծի համար սրտի անհուն ուրախութիւն է այսօր ձեր հետ ըլլալ եւ տօնական մթնոլորտը միասին ապրիլ»։

Մակար Սրբազան անդրադարձաւ խաչվերացի տօնի կարեւորութեան, որպէս եկեղեցւոյ հինգ տաղաւոր տօներուն վերջինն ու մեծագոյնը եւ վեր առաւ անոր աստուածային խորհուրդը ըսելով . «Խաչվերացը քրիստոնէական հասկացողութեամբ կը կազմէ մեր էութեան եւ գոյութեան հիմքը, որովհետեւ մեր տէրը Աստուած ըլլալով հանդերձ ինքզինք մերկացուց աստուածային պատիւէն, մարդ դարձաւ, ծառայական կերպարանքով յայտնուեցաւ եւ ինքզինք հնազանդեցուց Աստուծոյ կամքին՝ յանձն առնելով մահը, խաչին մահը, որ մեզի համար արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուածներուն, փրկուածներուս աստուածային իմաստութեան եւ զօրութեան նշանն է, որուն միջոցաւ մեր տէրը ամբողջ աշխարհը փրկեց մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն եւ ինքզինք, որպէս անարատ գառնուկ պատարագեց խաչափայտին վրայ եւ իր անգին արիւնը յեղելով ամբողջ մարդկութիւնը փրկեց, արդարացուց եւ
փրկելով երկնքի արքայութեան ժառանգորդ դարձուց։ Խաչը դարձաւ քրիստոնէութեան յաղթանակի նշանը»։

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ, որ ողջ հայութիւնը Արցախի կողքին եղած է, է եւ պիտի շարունակէ մնալ նոյն վճռակամութեամբ, որովհետեւ անոնց ցաւը, տառապանքը եւ երազանքը մերն է եւ պէտք չէ անտարբեր գտնուիլ մեր հայրենակիցներուն տառապանքին եւ պահանջին նկատմամբ։

Սրբազան հայրը մէջբերումներ կատարելով Ս.Գիրքէն յորդորեց ներկաներուն յարատեւ աղօթել եւ մօտենալ Աստուծոյ, աղօթել եկեղեցական թէ աշխարհական պատասխանատուներուն, ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն։ «Խաչը զօրութիւն է, վերստին ծնունդի, յոյսի եւ յաղթանակի նշան է: Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուած է , հերոսաբար պայքարած եւ խաչի զօրութեամբ յաղթանակած է։ Ամբողջ աշխարհը զանազան մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ , մանաւանդ սուրիահայութիւնը վերջին տասնամեակին ամէնէն շատ կը տուժէ եւ կը տագնապի, կը ցաւի ու արիւն կը հոսի, բայց ինչպէս մեր նախահայրերը , հերոսները գիտակցութեամբ պայքարեցան եւ հաւատքի մէջ զօրեղ շարունակեցին իրենց պատերազմը եւ յաղթական դուրս եկան, մենք այդ հաւատքով ու տեսիլքով կը պայքարինք եւ կը ստեղծագործենք յուսալով եւ հաւատալով , որ պիտի յաղթանակենք», ըսաւ Մակար սրբազան։

Ապա անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը Սուրիոյ դէմ պատերազմեցաւ, տասնամեակ մը ամբողջ փորձեցին ընկճել եւ ծունկի բերել զայն, բայց չկրցան յաջողիլ, որովհետեւ մենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաւատացող ժողովուրդ ենք եւ այդ իմաստով մեր իրաւունքն է գնահատել, փառաբանել, մեծարել մեր երկրի եւ ազգի արժէքները սկսեալ վսեմաշուք նախագահ տոքթ.Պաշար Ասատէն, որ իմաստութեամբ եւ քաջարի կեցուածքով տարիներու ընթացքին կուրծք պարզեց եւ ծունկի չեկաւ այլ ընդհակառարկը առիւծանման կը շարունակէ պայքարը յաղթանակելու յոյսով, նոյնպէս քաջարի բանակը, հակառակ այնքան նահատակներու տէրը կը մնայ երկրին եւ պիտի մնայ, աղօթենք, որ խաչի զօրութեամբ Սուրիական հայրենիքը վերականգնի։

Հուսկ , Սրբ.Հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը , որմէ ետք ժողովուրդին հրամցուեցաւ աւանդական հարիսան ։

Տօնախմբութիւնը ճոխացուց երգչուհի Մարիա Չիչեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի։ Երգչուհին իր թովիչ ձայնով մեկնաբանեց աշուղական փունջ մը երգեր, ապա հայրենասիրական եւ ազգային երգեր, որուն ձայնակցեցան ՍԵՄ-ականներն ու պատանիները արտայայտելով իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը արցախահայութեան։

Իւրայատուկ ոճով մերթ ընդ մերթ հանդէս եկան Ժոզէֆ Արամեան եւ Անդրանիկ Հանէսքէհեան հայկական տուտուկ եւ տհոլ նուագարաններով։ Ամոնք գողտրիկ մեղեդիներով հոգեկան ցնծութիւն պարգեւեցին բոլորին։

Ներկաները հայկական եւ տօնական ջերմ մթնոլորտով յագեցած, դրական տրամադրութեամբ լիցքաւորուած վերադարձան իրենց բնակարանները։

Սոնա Անտրեան