Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի նախագահութեամբ, բացումը կատարուեցաւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» Կիրակնօրեայ Դպրոցի նորոգուած կեդրոնին, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Իշխանութեան եւ ազգային մարմիններու անդամներու եւ «Salt» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներու։
Յիշենք, որ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան նախկին կեդրոնը «Salt» բարեսիրական հաստատութեան կողմէ նորոգուելով յանձնուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» Կիրակնօրեայ Դպրոցին։

Կիրակնօրեայ Դպրոցի ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան բացման խօսք արտասանեց եւ ամփոփ գիծերու մէջ տեղեկութիւն տուաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցին առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Salt» հաստատութեան, Թեմի Կալուածոց Հոգաբարձութեան, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ երիտասարդ ուսուցիչ Յակոբ Շաքարեանին՝ իրենց բերած ներդրումին համար։
Այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած Կիրակնօրեայ Դպրոցի գործունէութենէն պատկերներ։
Ապա, գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Կիրակնօրեայ Դպրոցի երիտասարդ ուսուցիչները՝ երաժշտական կատարումներով եւ աղօթքի արտասանութեամբ։

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Ան Կիրակնօրեայ Դպրոցի կեդրոնին բացումը կրկնակի ուրախութիւն համարեց, նկատի ունենալով, որ կը զուգադիպի Խաչվերաց տաղաւար տօնին, որ յաղթանակի տօն է քրիստոնեաներուս համար։
Մակար Սրբազան դիտել տուաւ, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցէն ներս կրօնական դաստիարակութեան կողքին ազգային արժէքները կը փոխանցուին մեր զաւակներուն, որոնց նկարագիրը կազմաւորուելով տիպար հայորդիներ կը դառնան։
Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Ամենակալ Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Salt» բարեսիրական հաստատութեան, Ազգային Իշխանութեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Փիեռ Մուսալլիին, Նպաստից Մարմինի անդամ Յարութ Հայրապետեանին, Կալուածոց Հոգաբարձութեան եւ անոր ատենապետ Կարպիս Մարաշլեանին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմին։
Մակար Սրբազան մաղթեց, որ կեդրոնը իր նպատակին ծառայէ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցին գործունէութեան կողքին երիտասարդական համագումարներ, աստուածաշնչական սերտողութիւններ եւ կանացի լսարաններ հիւրընկալէ։
Ապա, Սրբազան Հայրը անգլերէն լեզուով շնորհակալական խօսք ուղղեց «Salt» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներուն։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։