Սուրիոյ Հանրապետութեան մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի մէջ սկիզբ առին ՄԱԿ-ի ընդհանուր միութեան 78-րդ շրջանի 1 շաբթուան բարձր մակարդակի քննարկման ժողովները, ուր ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները պիտի քննարկեն իրենց երկիրներուն ազգային տուեալները։
Ընդհանուր քննարկման ժողովը կ’ընդգրկէ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ Հանրապետութեան մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղի խօսքը։ Սապպաղ իր կարգին հանդիպումներ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի պատասխանատուներու եւ ԱԳ նախարարներու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ գագաթնաժողովներու եւ այլ գործունէութիւններու։