Ընդառաջելով Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պենկի պաշտօնական հրաւէրին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ պաշտօնական այցելութեամբ Չինաստան պիտի մեկնին Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2023-ին։ Այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ զանազան հանդիպումներ Խանճօ քաղաքին եւ Փեքին մայրաքաղաքին մէջ։
Նախագահին պիտի ընկերակցի քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութիւն մը։