Այս շաբթուան յօդուածս պատրաստ էր, բայց անցնող քանի մը օրերու դէպքերը, առցանց տարածուած լուսանկարները, իրար հակասող լուրերը տակնուվրայ ըրին ինչպէս բոլոր սրտցաւ սփիւռքահայերը, վստահ եմ,  ո՛ւր ալ ապրած ըլլան անոնք, նաեւ զիս: Եւ որոշեցի պատրաստ յօդուածս գալ շաբթուան ձգել:
Կը դիտեմ, կը կարդամ եւ նոյն հարցումը բիւրերորդ անգամ ըլլալով կը հարուածէ ուղեղս՝ ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ ընենք մենք, բոլորս, բոլոր սփիւռքահայերս …
Աչքերուս առջեւէն կը տողանցեն նախ ջարդի եւ գաղթականութեան պատկերները, ապա խեղճութեան մէջ հասակ նետող եւ իրենց ազգային գիտակցութեան հպարտութիւնը արժանապատիւ կերպով կրող որբերը, որոնցմէ եկած սերունդները սորվեցան ո՛չ միայն օտարին հետ յարաբերելու նրբագոյն կերպերը, այլ ժամանակին հետ սորվեցան նաեւ օտար պետութիւններուն հետ դիւանագիտօրէն վարուիլ, իրենց յարմար որոշումներ առաջ մղել խորունկ համոզումով եւ անկոտրում կամքով: Անոնք կրցան իրենց/մեր թէզը պաշտպանել եւ կարեւոր որոշումներ կորզել: Այս բոլորը արտաքին քաղաքականութեան, օտար պետութիւններուն հետ վարուելու մեծ փորձառութիւն ապահովեցին սփիւռքահայուն, սորվեցուցին անոր ինչպէ՛ս վարուիլ այդ դիւանագիտութիւն կոչուածին հետ, որ յաճախ խաբէութիւն է նաեւ:
Այսօր սփիւռքահայը տէր է քաղաքական, տնտեսական եւ կրթական մեծ փորձառութեան մը, որմէ, դժբախտաբար զուրկ է Հայաստանի քաղաքացին, որ երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ ինկած, չկրցաւ կարեւոր եւ այժմէական փորձառութիւն ձեռք ձգել: Մէկ կողմէ խորհըրդային կարգերու սարսափելի լուծը, միւս կողմէ անոր անմիջապէս յաջորդող ազատութիւնը, ջնջած կը թուին ըլլալ ինչ որ արիւնով հասած կենսափորձ էր:
Արդիւնքը, ահաւոր արդիւնքը կը տեսնենք՝ կորուստ հողի, կորուստ սերունդի ու թերեւս կորուստ հայրենիքի:
Այս վիճակին ի տես սփիւռքահայը անմիջապէս սկսած է մտածել՝ ի՞նչ ընենք, ըլլալիքը եղեր է, ողբալը ո՛չ մէկ օգուտ պիտի բերէ, պէ՛տք է լուծումներուն մասին մտածել:
Եւ առաջին հերթին անշուշտ մեր միտքին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ երկրին սահմաններուն ապահովութիւնը, ամէն գնով:
Բայց ա՛յդ մասին եւս մտածող չկայ կարծես, բացի մատի վրայ համրուող քանի մը անհատներէ, որոնցմէ մէկը՝ հայրենի լրագրուհի Կարինէ Աւագեան անմիջապէս հարցադրում ըրած էր դիմատետրի իր էջին վրայ.
«Սիւնիքը, Գեղարքունիքը, Երասխը, Վայքը, Մեղրին զինուա՞ծ են»:
Կան բուռ մը իրապէ՛ս հայրենասէր հայեր, որոնք իրենց կարելին կը փորձեն ընել, ժխտականներուն մէջ դրական հիւլէներ ներարկելու համար, հաստատ հաւատքով, որ յարատեւութեամբ եւ արագ աշխատանքով այդ հիւլէները կրնան մարմին դառնալ շուտով:
Այս առումով դիմատետրին վրայ հանդիպեցայ երկու գրութիւններու, որոնք յուսահատութիւնս ցրեցին եւ յոյսով լեցուցին զիս կրկին. ճի՛շդ այդ պատճառով կ’ուզեմ ձեզի ալ ներկայացնել զանոնք:
Երկու գրութիւններն ալ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր. պարզապէս ցոյց կու տան մեր ժողովուրդին երակներուն մէջ վազող մի՛շտ մաքուր արիւնը:
Առաջինը, որ գրուած է Արցախի շրջափակումի օրերուն, Լեւոն Խաչատրեանի գրիչով է, Նառա Վարդանեանի էջէն առնուած:
«Մեր Վահանի էրեխեքին դիմաւորեցինք Գորիսում: Գալիս են (Արցախից) սովորելու։ Նոյնիսկ էն արջուկ Արեգի քիթը սրուել էր… Արթուրը մի տոպրակ շոկոլադ-բան էր առել: Ձեռք չեն տալիս: Ասում ենք՝ պաունդի կերէ՛ք, էրեխե՛ք: Վահանի սիրունը՝ Աստղիկը, ժպտալով ասում ա՝ առաւօտն ենք կերել: Զարմացած զանգում եմ Վահանին։
Ուրեմն ընկերները, իմանալով, որ առաւօտեան անցնելու են, գան Երեւան, իրիկունը ով ինչ պահած ունեցել է, բերել է՝ կէս հատ պաունդի, մի քանի հատ կոնֆետ, թխուածք… Բերել են, որ անցակէտի ճանապարհին ախպոր հետ ուտեն: Չեն մտածել, որ մէկ է՝ գնում են Երեւան, մի երկու ժամից ընտեղ ինչ պէտք է, կ’առնեն, կ’ուտեն, իսկ իրենք ամիսներով չեն կերել: Իրենց նեղ օրուան համար պահածը հանել են, բերել: Ու որ Աստղիկը չի ուզել վերցնի, ստիպել են. «Օզյում չենք վեր դուք թորքի մոտաւ պաունդի չկերած անց կենաք, պաունդի կերած պիտի անց կենաք»:
Էս գրառման մէջ պաթոս կամ սրտաճմլիկութիւն մի՛ փնտռէք: Սա մեր միակ երկու ելքերի մասին է՝ ԳԱՂԱՓԱՐԻ եւ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ Արեգն ու Աստղիկը չեն գալիս ուտելու, գալիս են սովորելու: Պիտի սովորեն, լա՛ւ պիտի սովորեն, իրենց ամուր գաղափարին պիտի աւելացնեն ամուր գիտելիքը: Որ կարողանան յետ գնալ: Որ բոլորս կարողանանք յետ գնալ…
Յ.Գ. Բա ինչքան են տանջուել էդ գաղափարական էրեխեքը, էս փունջը սարքել, որ իրենց ընկերոջը ծաղիկ չեղած տեղը փնջով ճանապարհեն»։
(Կցուածը ա՛յդ փունջին լուսանկարն է):
Երկրորդը Աննա Մեկունցի գրիչով է.
«Ասեցին՝
– Վերջն է…
Թուրքերը հասել են թաղամաս։
Մորթելով քաղաք են մտնում, ու մեր տան մօտակայքում են արդէն…
– Փախէ՜ք…
– Փախէ՜ք…
Այն ժամանակ, երբ բոլորը իրենց ընտանիքներով փախնում էին (թէ ու՞ր՝ ես էլ չգիտեմ, որովհետեւ շրջափակման մէջ ենք)։
Մայրս, մա՜յրս, ով առանց ամուսին է իր երեխաներին մեծացրել, տաս տարի մենակով Շուշիում տուն դրել ու կորցրել, մենակով երեխաներ մեծացրել, կրթել ու դաստիարակել….
Ու հիմա էլ այս տունն է թողնում թուրքին…
Մայրս մնացել էր մենակ ինձ հետ, չիմանալով թե որտեղ են իր տղաները՝ ո՞ղջ են արդեօք, մեռա՞ծ են …գնա՞նք, փախչե՞նք…
Բա տղե՞րքը … ո՞ւր գնանք…
Վե՞րջն է սա….
Օրեր շարունակ իր տղաներից առանց լուր իմանալու, գժուած ու խելագարուած, ռմբակոծութեան տակ, կրակոցների մէջ…չլացեց։ Իրեն չկորցրեց, չթուլացաւ, չվախեցաւ…
Պատրաստ էինք հոգեպէս արդէն մեռնելուն …
Նստել էի աստիճաններին, աղօթք էի անում, խաչակնքում ու ասում՝
– Հայր մեր, որ երկնքում ես…
Սուրբ թող լինի անունը Քո…
…Եւ եթե կամքը Քո սա է, եւ սա է վերջը մեր, թող որ մահանամ քո կամքով…
Ամէն.
Պինդ գրկել էի խաչս ու սպասում էի մահուան գալիքին։
Եղբօրս ձայնը փոխեց ամէ՜ն բան։
Օրերով կորած եղբայրս կանչեց՝
– Մա՜մ….
Ես հասկացայ, որ մայրս աշխարհի ամենաուժեղ կինն է…
Ես հասկացայ, որ մենք իրար ունենք միայն։
Ես եմ, Մայրս, ու Աստուած…
– Մամ…
– Մա՜մ…
Էն ինչ զգացինք այս մի քանի օրուան մէջ, էն ինչ ապրեցինք մենք, միայն Տէրն է տեսել…
Վերջում միայն, խամրած երկընքում մի փոքրիկ աստղ տեսնելուց՝ էլի հաւատքով ես ու մայրս երազանք պահեցինք…
– Խաղաղութիւն ենք ուզում, Տէ՜ր…
Այլեւս ոչինչ չունենք։
Միայն Քեզ ունենք։
Միայն Քեզ ունենք, Տէ՜ր …»:
Զարմանքս մեր ճակատագրին (թէ՞ մեր կենսաձեւի արդիւնքին) առջեւ կամաց-կամաց սկսաւ համոզումի վերածուիլ – թէեւ այդ համոզումը իմ ուզածիս-փափաքածիս-երազածիս ճի՛շդ հակառակն է – թէ մենք պետութիւն պահել չենք գիտեր, չենք սորված. ինչո՞ւ. պատմաբանները կրնան մանրամասնօրէն պատմութիւնը ներկայացնել եւ եզրայանգումներու հասնիլ:
Բայց մենք մի՛շտ եղած ենք աշխարհի պատմութեան մէջ փայլող աստղ-անհատներ, որոնք երբեմն, գուցէ եւ յաճախ կրցած են կարեւոր դեր կատարել մեր հաւաքական պատմութեան մէջ:
Մարուշ Երամեան