Մեր աչքերուն առջեւ, անգամ մը եւս, ազգ մը ամբողջ կը հայրենազրկուի:

Հայրենի Արցախը ցեղային մաքրագործման վերջին փուլը կը մտնէ:

ՀՀ-ի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը վերջին երեսնամեակի ամէնէն տկար ու խոցուած մակարդակին հասած են:

Զանգեզուրը յաջորդ ու շատ մօտալուտ թիրախն է:

Հայութիւնը համախմբուելու, ներքին ու արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, ազգն ու հայրենիքը գերադասելու փոխարէն, զիրար կ՛այպանէ ու եղբայրասպան ընդհարումներու եզրին է:

Ընթացող աղէտները կասեցնելու ու դէպքերու զարգացումը ի նպաստ մեր հաւաքական անվտանգութեան մղելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են:

Ցաւը անսահման է, ցասումը անբացատրելի:

Հաւաքական դրաումա (trauma) կ՛ապրինք…Մեր ապրած դրաումայի ախտանշաններու համընթացութենէն (Syndrome) հաւաքաբար տասնամեակներ պիտի տառապինք:

Բայց խելագարուելու ժամանակը չէ՛: Ժամանակն է վերջապէ՛ս խելքի գալու…, լսելու մեր հաւաքական խղճին, վերադառնալու մեր հաւաքական ոգիի արմատներուն…որ մարդկային է, արժանապատիւ է, արդարամիտ է, կարեկցող է, մարտնչո՛ղ է ու պայքարող:

Այսօր մեր միակ փրկութիւնը դժբախտաբար մեր հաւաքական ուժին մէջ չէ: Չունինք հաւաքական միասնական ուժ, այլ՝ տարբեր ազդեցութիւններու տակ գործող զանազան ու զիրար հակադրող ուժեր: Ու որովհետեւ այս գերպառակտուած ու գերլարուած իրականութեան մէջ միասնական ճակատ ձեւաւորելու ժամանակ ու նշոյլներ չկան, այս լրջագո՛յն պահուն, հայաստանաբնակ զանգուածի հաւաքական դիրքորոշումէն կախեալ է ամբո՛ղջ աշխարհատարած հայութեան ճակատագիրը: Եթէ ան յաջողեցաւ մէ՛կ կողմ դնել հինի ու նորի բարդոյթները, գերադասել համազգայինն ու կարեւորագոյնը երկրորդական-տեղայնականէն, ուրեմն պիտի յաջողինք կասեցնել հաւաքական այս արիւնահոսութիւնը, պիտի ստեղծենք մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակ հայամէտ իշխանութիւն, թէեւ ծանր վիրաւո՛ր բայց չմեռած ու վերականգնելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր հաւաքական երթը:

Հիմա ու գալիք այս քանի մը օրերուն, Երեւանի կեդրոնի քաղաքացիէն մինչեւ ամէնէն հեռու սահմանամերձ գիւղացիին կեցուածքէն ու գործողութենէն կախուած են մեր բոլորին ներկան ու ապագան: Սիրելի՛ հայաստանաբնակ հայրենակիցներ, կա՛մ մեր գոյութեան, պետականութեան ու հայրենի հողին վրայ ինքնիշխան ապրելու դագաղին վերջին գամը կը գամէք ձեր անտարբերութեամբ ու չապստամբելով, կա՛մ ալ փիւնիկի նման մոխիրներէն կը վերակենդանացնէք մեզ:

Մոխիր գոյանալու համար կրակ ու այրիլ է պէտք: Գոնէ երեք տարի է անընդմէջ կ՛այրինք, մոխիրը գոյացած է ու օրէ օր, ժամէ ժամ կ՛աւելնայ, փիւնիկը միայն ու միա՛յն դուք կրնա՛ք ստեղծել:

Վստահաբար, դու՛ք կրնաք ստեղծել մեր օրերու փիւնիկը….

Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան