Հայուն նորագոյն պատմութեան մէջ, ողբերգական նոր էջեր կ’արձանագրուին այս օրերուն: Ողբերգութիւններ՝ որոնք մարդկային են եւ քաղաքական-դիւանագիտական: Հանրագումարը կը կոչուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ: Եդեսիոյ, Անիի, Ատանայի, հերոսամարտեր կերտած եւ ինկած քաղաքներու ողբերը կը կրկնուին հիմա, իսկ լսող-տեսնողները…
– Արցախի հայաթափումը սկսած է: Բազմահազար արցախցիներ, քաջ գիտնալով, որ կարելի չէ ազերիին նորաձեւ եաթաղանին տակ ապրիլ, կը նախընտրեն հեռանալ իրենց դարաւոր հայրենիքէն, կը լքեն տուն-տեղ, պարտէզ, ստացուածք, յիշատակներ եւ… նահատակներու գերեզմաններ: Ստեփանակերտէն Շուշի ճամբուն վրայէն վերցուած է արցախեան առաջին պատերազմին նահատակուած խումբ մը զինուորները յուշող հրասայլը, ինչպէս որ Շուշիի եկեղեցիներն ու բռնագրաւեալ այլ շրջաններու մէջ, Նախիջեւանի խաչքարերու (նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի յուշակոթողներուն) ճակատագիրին կը մատնուին եկեղեցիներ եւ պատմական յուշակոթողներ: Ալիքը աննախընթաց չէ:
Հազիւ տարի մը առաջ, բռնագաղթի ենթարկուեցան Բերձորի ու Աղաւնոյի բնակիչները: Անկէ առաջ՝ Շուշիի Հատրութի, Քարվաճառի եւ բռնագրաւեալ այլ շէներու բնակիչները: Շահումեանն ու Գետաշէնը, Նախիջեւանն ու այլ շրջաններ արդէն «հեռաւոր յուշ» դարձած են: Աւելի հեռաւոր յուշեր կը հասնին… Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւման օրերէն, երբ ջարդուելու վտանգին ենթակայ զանգուածներ ապաստանեցան արեւելեան կողմն հայոց աշխարհի: Անկէ առաջ, նո՛յն ոճրագործ թուրքէն հալածական՝ զանգուածային բռնագաղթեր տեղի ունեցած էին 19-րդ դարուն…: Քանի՛երորդ անգամ գաղթի ճամբան բռնած եւ Գորիս հասնող արցախցիները վստահ կրնա՞ն ըլլալ, որ վաղն ալ անկէ պիտի չբռնագաղթուին: Չէ՞ որ Փաշինեան յայտարարած է. «Ապագայ կայ…»:
– Մեր ու այլ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, կան կենաց-մահու գնով ամրոցներու պաշտպանութեան խիզախումներու դրուագներ, Տրովադայէն մինչեւ Կոստանդնուպոլիս, Արտագէրսէն մինչեւ Վան, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա, Մուսա լեռ, Այնթապ, Զէյթուն, Սասուն եւ… Արցախ: Թշնամիներ պաշարած են քաղաք ու բերդ, ամիսներ շարունակ իրերայաջորդ յարձակումներով փորձած են մաշեցնել պաշտպանողներուն դիմադրականութիւնը, ի վերջոյ գրաւած են եւ յաճախ սուրէ անցուցած՝ բնակիչները, քանդած ու այրած են գրաւեալ բերդն ու քաղաքը: Նման «սխրանքներով» հարուստ են մանաւանդ սելճուքները, թաթարներն ու ժառանգորդ թուրքերը. անոնց զոհերէն մէկը եղած ենք մենք:
Եւ ահա, Արցախը, աւելի քան 35 տարիներու խիզախումներէն եւ յաղթական մարտերէն ետք, 44-օրեայ պատերազմով սկիզբ առած փուլին նորանոր պաշարումներու ենթարկուեցաւ, նա՛եւ Հայաստանի իշխանաւորներուն դաւաճանութեան զոհը դարձաւ եւ Արցախ-բերդը ինկաւ անցեալ շաբաթ: Փաշինեան, որ հինգ տարի առաջ Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ կը բղաւէր, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», հիմա ուսապարկերուն հետ ձայն-ձայնի տուած կրնայ բաց ճակատով կրկնել, թէ իրենք գործ չունին Արցախի հետ, Արցախը Ատրպէյճանի պատկանած է միշտ եւ պէտք է իր գլխուն ճարին նայի գործակցելով Ատրպէյճանի հետ. իսկ Ատրպէյճանի «բարեսրտութիւնը» կը սկսի Արցախի վերջնական զինաթափումով, պիտի շարունակուի բնակիչներուն ազերիական հպատակութիւն պարտադրելով, կրնայ աւարտիլ չընդունողներուն ՝ «Երթաք բարով. Լաչինի ճամբան բաց է» յոխորտանքով:
– Քաղաքական ու դիւանագիտական ողբերգութիւնը ի՛ր նորութիւնները կ’արձանագրէ օրէ օր, ժամ առ ժամ:  Մինչ լրջախոհ են հայրենապաշտպան մարդիկ, որոնց փակցուած է «ընդդիմադիր-հին-սեւ-հակայեղափոխական» պիտակները, տարիներէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Արցախն ու Հայաստանը աղէտէ աղէտ եւ անկումէ անկում կ’երթան, անդին, իշխանաւորներ եւ անոնց համակիրները, թմբկահարները կը փորձեն համոզել, թէ «ապագայ կայ», թէ՝ Փաշինեան ճիշդ կ’ընէ, յանցաւոր են ռուսերը, բանակը, ընդդիմադիրները: Եւ ահա աչք եւ ուղեղ ունեցողը կը տեսնէ կուտակուած ՓԱՍՏԵՐԸ, թէ ինչպիսի՜ «ապագայ»-ի հասած ենք, տակաւին ինչպիսի՜ պատուհասներ շարքի կանգնած են: Քանզի ուսապարկապետը իր «ոստոստումներով» կը շարունակէ խաբել զանգուածները:
Քանի մը օր առաջ, ՄԱԿի մէջ վճռական թուացող ժողովի մը պահուն, յայտարարեց, որ արցախցիները սպառնալիքի տակ չեն եւ անպարտութեան վկայական շնորհեց Արցախի մէջ նո՛յն պահուն իսկ մահ ու աւեր տարածող ոճրածին Ատրպէյճանին: Հազիւ երկու օր ետք, «հոգեփոխութիւն» ապրեցաւ եւ տեսա՜ւ, որ Ատրպէյճան ցեղային զտում կը կատարէ Արցախի մէջ, խոստացաւ 40 հազար արցախցիի ապաստան տալ: Իսկ Արցախ մնացած էին 120 հազար բնակիչ, որոնցմէ մաս մը բռնագրաւումէ դուրս մնացած շրջաններ վերադարձած էր 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երազելով, որ պիտի իրականանան զիրենք Շուշի, Հատրութ եւ այլ բնակավայրեր վերադարձնելու խոստումները: Հիմա, բռնագաղթուողներուն շարքին են այդպիսիներ: Եթէ մնացեալ 80 հազարէն ալ ահաբեկեալներ ուզեն հարկադրաբար լքել հայրենի հողը, Փաշինեան գործնապէս անոնց ցոյց կու տայ ազերիական եաթաղանի ճամբան…:
– Մէկ օրէն միւսը արմատական դիմաշրջում կատարող Փաշինեան այլապէս բաց ճակատով վար առաւ իր դիմակը (հաշիւը կորսուած է թէ քանի՞երորդը) եւ չի գտներ համապատասխան հակադարձութիւն: Առանց բառերը ծամծմելու (տեսէ՛ք, թէ «յանդգնութիւն»-ը ո՛ւր հասած է), կը խօսի պետութեան պաշտպանի յոխորտանքով, երբ ամէն օր քիչ մը աւելի կը քանդէ պետութեան հիմերը, ու մարդիկ չեն կրնար տեսնել, ըմբռնել, թէ իշխանութիւնը ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ չէ, իշխանաւորը, լաւ կամ վատ, դաւաճան, փոփոխական է, պետութիւնը պէտք է պահպանել իբրեւ մնայուն արժէք:
Դիմակը վար առնելու «արարողութիւն»ն ալ եղաւ պարզ բառերով. մարդը յայտարարեց, թէ ինք վարչապետ է եւ երկիրը կախեալ է իր կամքէն (ժողովուրդին ուղղուած՝ «քու կամքէդ»ն ալ սովորական ամբոխավարութեան մէկ նոր արտայայտութիւնն էր), այսինքն, բառացիօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք մենատէր է, ինչպէս որ են Էրտողանն ու Ալիեւը: Եւ ինչպէ՜ս չյիշել նոյն տրամաբանութեամբ մէկ նախընթաց յոխորտանքը. «Կա՛մ ես վարչապետ կ’ըլլամ, կամ Հայաստան վարչապետ չ’ունենար»: Հիմա, արդէն տեսնողը կը տեսնէ, թէ Հայաստանն ալ կորստեան սեմին է, ալ ո՜ւր մնաց վարչապետի աթոռը…
– Ատրպէյճանի անարդար յառաջխաղացքներուն եւ օր-ցերեկով իրականացուցած ոճիրներուն դիմաց, հայկական դիւանագիտութիւնը ինքզինք մատնած է յանցաւոր անգործութեան: Երեւոյթները խաբուսիկ են, կարեւորը՝ արդիւնքներն են: Միջազգային քաղաքական բեմին վրայ ու մամուլին մէջ, շատ աւելի լայն տեղ կը գտնէ ազերիական տեսակէտն ու քարոզչութիւնը: Բնական դաշնակիցներու եւ բարեկամներու հետ յարաբերութիւնները հետեւողական կացինահարումի կ’ենթարկուին: Արեւմուտքէն իրերայաջորդ պատուիրակութիւններ կը հասնին Հայաստան:
Նորագոյններէն մէկն է հռչակաւոր Սամաթա Փաուըրը, որ ժամանակին մարդու իրաւանց եւ Հայ Դատի ականաւոր պաշտպան մըն էր: Հիմա, եկած է եւ սրտաճմլիկ բառեր կ’արտայայտէ Երեւանի մէջ, ու մէկը անոր ականջէն բռնած՝ չի տանիր Գորիս ու Բերձորի ճամբան, որպէսզի տեսնէ ու լսէ բռնագաղթուողներուն ԱՅՍՕՐՈՒԱ՛Ն ողբերգութիւնները, թէ ինչպիսի՛ արհաւիրքներ տեսած են, ճողոպրած են: Ան նաեւ պատրաստ չէ տեսնելու այն բռնարարքները, որոնց կ’ենթարկուին Արցախի ե՛ւ Հայաստանի պաշտպանութեան ի խնդիր բողոքի ձայն բարձրացնողներ՝ բռնապետին ոստիկաններուն ձեռքով:
– Այս իրականութիւններուն դիմաց, կը պատրաստուի Փաշինեան-Ալիեւ Հոկտեմբերեան (հազիւ 10 օր ետք) հանդիպումը: Հայրենիքի պաշտպաններ կրկին ու կրկին կ’ահազանգեն. պէտք չէ թոյլ տալ, որ Փաշինեան դարձեալ «բանակցութեան» նստի Ալիեւի եւ անոր պաշտպաններուն, Արցախն ու Հայաստանը վաճառողներուն, Ատրպէյճանի քարիւղն ու կազը կեանքերէ եւ հայրենի հողէ վեր դասողներու հետ: Տարի մը առաջ, Փաշինեան վերջ-նականապէս վաճառեց Արցախը, յայտարարելով, որ անիկա Ատրպէյճանի կը պատկանի:
Հիմա, երբ Արցախը արդէն գրեթէ իջած է Ատրպէյճանի ստամոքսին մէջ, կարգը եկած է Սիւնիքի եւ այլ շրջաններու վաճառքին: Սա նորութիւն չէ. Գորիս-Կապան ճամբուն, Սեւ լիճի եւ սահմանային այլ շրջաններուն բռնագրաւումէն ետք, համաթուրանականները կը պնդեն, որ Ատրպէյճանը պէտք է կապուի Նախիջեւանի հետ: 25 Հոկտեմբերին, Էրտողան Նախիջեւան եկած էր եւ Ալիեւի հետ յայտնապէս վերջին հպումները կ’ընէր այդ ծրագիրին համար: Կասկած կայ, որ (եւ նման կասկածներ դժբախտաբար իրականացած են մինչեւ վերջին կէտը) Փաշինեան այս մասին համաձայնութեան եկած է Էրտողանի հետ, երբ զայն շնորհաւորելու համար Անգարա գացած էր: Ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ «Հայաստանէն գաղթական դարձած» ազերիներու Հայաստան վերադարձը, սկսելով Սիւնիքէն մինչեւ Տիգրանաշէն, Տաւուշ, մինչեւ… Երեւան:
Եթէ մարդ փաշինեանական ընտրապայքարի տրամաբանութեամբ մօտենայ դէպքերուն, կրնայ անվարան ենթադրել, որ այս վարչախումբը մեծ գոհունակութեամբ եւ անզուգակա՜ն հեռատեսութեամբ պիտի ողջունէ ազերիներու Հայաստան ներխուժումը: Ինչո՞ւ: Որպէսզի անոնց գալուստին յաջորդելիք ընտրութիւններուն (եթէ ընտրութեան տեղ մնայ), եկողները քուէ տան Էրտողան-Ալիեւ եղբայրներու արխատաշ-կամակատարներուն: Ու բոլորս միասին պիտի գոչենք. Կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը: Որո՞ւ հոգը, թէ Արցախը կը կորսնցնենք վերջնականապէս, երբ երեք տարի առաջ իշխանաւորները երդում-պատառ կ’ըլլային, որ գրաւեալ շրջանները պիտի ազատագրուին, գերիները պիտի վերադարձուին, հիմա ալ երդում-պատառ կ’ըլլան, որ Սիւնիքն ու այլ շրջաններ «կարմիր գիծ են» ու զիջում պիտի չընեն: Ասոնք մի՛շտ ալ ըրած են իրենց խոստացածին ճի՛շդ հակառակը, այնքան մը, որ ստելն ու դիմաշրջումը դարձած են անպատիժ մնացող սովորութիւններ: Մարդ չ’ուզեր լսել ասոնց բարի խոստումներն ու յանձնառութիւնները…
…Չենք ուզեր հաւատալ, որ Հայաստանն ալ մտած է անվերադարձ կորուստի ճամբուն մէջ եւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին ու ազգին տրուելիք «շնորհի հարուած»-ը: Անհրաժեշ տ, ի՜նչ կ’ըսենք, անյետաձգելի հրամայակա՛ն է, որ Ազգային կոմիտէն ձայնի արագութենէն աւելի՝ լոյսի արագութեան հասցնէ իր շարժումին թափը եւ բոլորը, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռք՝ հայրենիքի փրկութեան շոգեկառքին լծէ ԱԶԳԸ:
Փաշինեան եւ իր ուսապարկերը կրկին ու կրկին բացայայտած են իրենց բռնատիրական եւ դաւաճանական դիտաւորութիւնները, զանոնք փաստած են բազմիցս: «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ»: Եւ կասկած չկայ, որ քաջերը աւելի մեծ թիւ կը կազմեն, քան վատերն ու վախկոտները:
Ս. Մահսերէճեան