Մօտ վեց տարի առաջ էր, երբ սրտի տրոփումով եւ տատամսումով «Սպիտակ» ճաշասրահէն կը բարձրանայի դէպի երրորդ յարկ, ուր (այդ օրերուն) կը գտնուէր ամբողջ Միջին Արեւելքի Հայագիտութեան եւ հայ մտքի զարգացման եզակի հիմնարկը՝ Համազգայինի Հայագիտութեան Հիմնարկը։ Յայտարարութիւնը «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ ընթերցած էի եւ որոշում կայացուցած՝ բարելաւել մայրենիի իմացութիւնս։ Մտմտուքներս կանգ առին հիմնարկի տնօրէնուհիին՝ օրդ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանին գրասենեակին մօտ։ Ան կռացած՝ թղթածրար մը աչքէ կ’անցընէր։
Մօտեցայ եւ ըսի.
– Օրիո՛րդ Ֆիմի, կ’ուզեմ Հայագիտական Հիմնարկի ուսանող դառնալ։
Օրդ. Ֆիմին ժպիտով մը գնահատեց մտադրութիւնս եւ սկսաւ հարկ եղած տուեալները բացատրել։
– Եփրուհի՛,- ըսաւ,- երկար ժամանակէ ի վեր այս անունը չէի լսած։
– Մեծ մօրս անունն է, ծնողքս «ուհի» վերջածանցով հայացուցած է զայն,- պատասխանեցի։
Աւարտելէ ետք նշումները, ես եւ օրդ. Ֆիմին յառաջացանք դէպի դասապահ, ուր հոն գտնուողներուն զիս ներկայացնելէ ետք հեռացաւ։ Դասախօսը՝ դոկտ. Հուրի Ազէզեանն էր, իսկ նիւթը՝ հայոց պատմութիւն։ Օրդ. Հուրին զիս դիմաւորելէ ետք գնահատեց փափաքս, ապա յաջողութիւն մաղթելով շարունակեց օրուան նիւթը։ Առ այսօր կը յիշեմ այդ առաջին վայրկեաններու զգացումներս։ Իսկական փարատոքս։ Պահ մը ուրախութիւն, անոր կը յաջորդէր յուզմունք, ինչո՞ւ, չեմ գիտեր, ապա անոնց միանալու կու գար եթերային զգացում մը՝ թէ ես երազանքի մէջ եմ, կարծէք անգլիացի գրող Լուիս Քերոլի ստեղծագործութեան հերոսուհին՝ Ալիսը ըլլայի, որ կը գտնուէր հրաշալիքներու վայրին մէջ։ Զանգին ձայնն էր, որ զիս վերադարձուց իրականութեան գիրկը։ Եւ այսպէս յաջորդաբար դասապահերը շարունակուեցան։
Դասախօսներն էին՝ տիկ. Լալա Միսկարեան-Մինասեան, պրն. Լեւոն Շառոյեան, օրդ. Արփի Սանոսեան, օրդ. Մարիա Գաբրիէլեան եւ պրն. Աւօ Գաթրճեան։
Յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանի անխոնջ դասախօսներ, որոնք մեծ բծախնդրութեամբ կատարեցին եւ կը կատարեն իրենց վստահուած դժուարին առաքելութիւնը։ Իւրաքանչիւր դասախօս նիւթը փոխանցելու իր իւրայատուկ տաղանդը, ձեւը եւ ոճը ունէր, իսկ իւրաքանչիւր նիւթ՝ իր յատուկ բնոյթը։ Եւ այս բոլորը միահիւսուելով, միաձուլուելով կազմեցին մեր լեզուն, պատմութիւնը, մեր ազգութիւնը եւ հայրենիքը։
Ինծի համար հետաքրքրական էր նաեւ հպարտանք, թէ երբ ուրիշ ազգեր ունեցած են Լենկթիմուրի եւ Ճենքիզխանի նման արիւնարբու հրէշներ, մենք ունեցանք Մ. Մաշտոցի, Մ. Խորենացիի, Նարեկացիի, Աբովեանի, Թումանեանի, Իսահակեանի, Չարենցի, Զոհրապի եւ Դուրեանի նման շատ ու շատ հանճարներ, գիտնականներ եւ գիտարարներ, թէ երբ այլ ժողովուրդներ գոյացած են կռուելու, սպանելու ու ատելու, հայ ժողովուրդը միշտ եղած է կերտող ու արարող։
Եւ այսպէս հպարտանալով հայերէն լեզուով ու ազգութեամբ ես դասընկեր-դասընկերուհիներուս հետ միասնաբար, համերաշխութեամբ, զիրար օգնելով եւ քաջալերելով բոլորեցինք քառամեայ ծրագիրը, սակայն մենք առ այսօր կը շարունակենք մեր յաճախակի հանդիպումները, վերյիշելու այդ գեղեցիկ պահերն ու օրերը։ Վերադառնալով ինծի, պէտք է խոստովանիմ, որ այնքան ալ հեշտ չէր ինծի համար դասերս պատրաստելը։ Տնային պարտականութիւնները, ընկերային պարտաւորութիւնները ինձմէ կը խլէին ամբողջ օրը, եւ ես միայն գիշերուան ուշ ժամերուն առիթ կ’ունենայի պատրաստելու պահանջուած դասերը, առօրեայ աշխատութիւններս աւարտելէ ետք։ Սակայն համոզուած էի, որ սէրը ուսման հանդէպ ու յամառ աշխատանքը յաջողութեան գրաւականներն են։ Յիշելու արժանի է օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեանը՝ հիմնարկի տնօրէնուհին, որ միշտ մեր կողքին կանգնած քաջալեր հանդիսացաւ մեզի մեր ուսման ճանապարհին։
Այսօր ես այն չեմ ինչ որ էի վեց տարի առաջ. կը վայելեմ ոչ թէ Ալիսի հրաշալիքներու աշխարհը, այլ՝ հազարամեայ հայոց լեզուի ու գրականութեան գանձարանը, որուն հրաշալիքներով կը շարունակեմ հիանալ ամէն օր։
Թող Հայագիտական Հիմնարկի ջահը միշտ անմար մնայ եւ թող իրերայաջորդ սերունդները վառ պահեն զայն մեսրոպեան հազարամեայ աւանդով։
Եփրուհի Մինասեան