ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշար ալ-Ասատ եւ առաջին տիկինը Չինաստան պաշտօնական այցելութեան օրերուն ներկայ գտնուեցան Ասիոյ Ողոմպիական խաղերու բացման արարողութեան: նախագահն ու առաջին տիկինը յոտնկայս դիմաւորեց մրցաշարքին մասնակցող Սուրիոյ պատուիրակութիւնը:
-Ուրբաթ օր սկիզբ առաւ Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի 2023 – 2024 տարեշրջանի մրցաշարքը. Հալէպի Ահլին 2 – 2 հաւասարութեամբ աւարտեց Ճապլէ խումբին հետ կատարած հանդիպումը, իսկ Հուրիէն 2 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Սահէլին: Լաթաքիոյ Հըթթինը 21 – 0 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէին, իսկ Թըշրին Ճէյշ հանդիպումը աւարտեցաւ 1 – 1 հաւասարութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան չյաջողեցաւ պաշտպանել աշխարհի ախոյեանի կոչումը Պելկրատի մէջ ընթացող առաջնութեան: Հայ 97 քկ. ծանրութեան ըմբիշը եզրափակիչին պարտութեան մատնուեցաւ քուպացի Դանիէլ Ռոսիլիօ Կինտելանէն: Ալեքսանեան վերջին վայրկեաններուն ստիպուած բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով: Ան հնարաւորութիւնը ունեցաւ նուաճելու Ողոմպիական խաղերու ուղեգիր: Իսկ 60 քկ. ծանրութեան ըմբիշ Գէորգ Ղարիպեան 3-րդ տեղի համար մարտին վերջին 3 վայրկեաններուն կորսնցուց առաւելութիւնը եւ պարտուեցաւ չինացի մրցակիցէն, 3-5 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՉԱՒԻԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան երկարաձգեց խումբի մարզիչ Չաւի Էրնանտէզի հետ ունեցած իր պայմանագիրը մինչեւ 2025 թուականի Յունիս, եւս մէկ տարուան երկարաձգելու հնարաւորութեամբ: Պայմանագիր ստորագրելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 Սեպտեմբերին Քամպ Նոյի գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ ակումբի նախագահ Խոան Լապորտայի, փոխնախագահներ՝ Ռաֆա Իւստի եւ Էտուարտ Ռոմէոյի, ֆութպոլի հարցերով տնօրէն Թեկուիի:
Աւելցնենք, որ Չաւի 2019-էն կը գլխաւորէ Պարսելոնան, որ անոր գլխաւորութեամբ դարձաւ Սպանիոյ ախոյեան եւ Սուփըր գաւաթակիր:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան