ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Ողոմպիական հաւաքականը դուրս մնաց Ասիոյ U- 23-ի մրցումներէն՝ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուելէ ետք Յորդանանի կազմէն:
-Հալէպի Ահլի եւ Տէր Զօրի Ֆըթուէ խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ ախոյեանութեան բաժակի մրցումներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԵՐԿՈՒ, ԻՍԿ ՍԻՄՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ՄԷԿ ՄԵՏԱԼ
Սէուտական Արաբիոյ  մայրաքաղաք  Ռիատի մէջ աւարտին հասաւ  ծանրամարտի աշխարհի առաջնութիւնը։  Վերջին պայքարին  մաս կազմեցին գերծանրութիւն բարձրացնող ծանրորդները: Հայաստանը ներկայացնող Վարազդատ Լալայեան երկամարտի 460 քկ. ծանրութեան արդիւնքով երկրորդ տեղը գրաւեց եւ նուաճեց արծաթէ մետալ։ Ան պոկումի վարժութեան գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ  նուաճեց պրոնզէ մետալ. Հայաստանը ներկայացնող երկրորդ մարզիկը՝ Սիմոն Մարտիրոսեանը, երկամարտի 450 քկ. ծանրութեան խաղին արդիւնքով զբաղեցուց 5-րդ հորիզոնականը։ Սակայն ան արծաթէ մետալ նուաճեց հրումի վարժութեան. Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Գոռ Մինասեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Պահրէյնը, 459 քկ. ծանրութեան մրցումին գրաւեց մրցանակային 3-րդ դիրքը։ Ան արծաթէ մետալ նուաճեց հրումի վարժութեան: Մետալներու ընդհանուր քանակով Հայաստանի հաւաքականը զբաղեցուց 11-րդ դիրքը ապահովելով՝ 1 ոսկի, 4- արծաթ եւ 4 պրոնզ:
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԻՆԹԸՐ ԵՒ ՄԻԼԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ
Իտալիոյ լրատուամիջոցներուն համաձայն, Ինթըր եւ Միլան խումբերու հանդիպումին լաւագոյն խաղացող ճանչցուած է Հայաստանի հաւաքականի նախկին աւագ խաղացող Հենրիկ Մխիթարեան, որ այդ խաղին յաջողած է նշանակել 2 կոլ, եւ կատարել մէկ կոլային փոխանցում՝ օգնելով կազմին տօնել մեծ յաղթանակ մը 5 – 1 արդիւնքով:  Իտալիոյ մըրցումներու Ա. շարքի  4-րդ փուլի գլխաւոր  խաղին Ինթըր իր դաշտին վրայ ընդունեց Միլանը։
Ինթըրի առաջին կոլը նշանակեց  Հայաստանի հաւաքականի նախկին խաղացող  Հենրիկ Մխիթարեան, որ 5-րդ վայրկեանին կատարեց կոլերու բացումը: 38-րդ վայրկեանին, Մարկոս Թիւրամ կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին փորթուկալցի կիսապաշտպան  Ռաֆայէլ Լեաօն կրճատեց արդիւնքը, որմէ ետք Մխիթարեան իր բարձրորակ խաղարկութեամբ յաջողեցաւ անգամ մը եւս ցնցել մրցակիցին դարպասը, ինչպէս նաեւ իրեն կատարած փոխանցումին շնորհիւ Տէյվիտ Ֆրատէս աւելցուց կոլերուն հաշիւը: Այս յաղթանակէն ետք, Ինթըրը 12 կէտով գրաւեց աղիւսակին առաջին դիրքը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան