Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը նշանակեց։ Մարմնին մաս կը կազմեն.-

– Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին)
– Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին)
– Մեթր Ժիրայր Հապիպեան (ազգային վարչութեան ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին)
– Շինարար Յակոբ Լուսարարեան (ազգային վարչութեան անդամ Լիբանանի թեմին)

Յիշեալ մարմինը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: Արդէն իսկ հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու օժանդակութեամբ 100,000 տոլար կը գտնուի մարմնին տրամադրութեան տակ: Օժանդակութեան ընթացքը պիտի կատարուի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով՝ տեղւոյն վրայ նկատի ունենալով կարիքներու առաջնահերթութիւնը ու անմիջականութիւնը:

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Արցախի մեր սիրելի զաւակներուն օժանդակութեան համազգային աշխատանքին:

Ձեր նիւթական մասնակցութիւնը կրնաք ուղարկել Ժընեւի մէջ յատուկ կերպով հաստատուած դրամատան հետեւեալ հասցէին.-

Pictet Account Details – ARTSAKH Fund

Beneficiary: Armenian Catholicosate of Cilicia
Account: W-502039.005
Iban: CH93 08755 0502 0390 0500
Bank: Banque Pictet & Cie SA,
Address: Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Swift: PICTCHGG
Reference: Fund for Artsakh

ԴԻՒԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ