Ատրպէյճանի պետական ծառայութիւնը ձերբակալած ու գերեվարած է Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Պաքուն զայն մեղադրած է իբրեւ թէ «ահաբեկչական յանցագործութիւններու համար»։