Մասիսի քաղաքային գերեզմանատան մէջ յուղարկաւորեցին Արցախի Սառնաղբիւր գիւղի մէջ սպանուած երկու եղբայրները՝ 10-ամեայ Միքայէլն ու 8-ամեայ Նուէրը:
Լրագրողներու հետ զրոցի ընթացքին եղբայրներուն ուսուցչուհին պատմեց, թէ եղբայրները այնքան ուրախ էին այդ օրը, ըսած են` ճանապարհները բացուած են, մայրիկը տուրմ պիտի բերէ:
Անոր համաձայն, ամենայն հաւանականութեամբ, երեխաները սպանուած են ԱԹՍ-ի հարուածի հետեւանքով:
Նշենք, որ Արցախի Ասկերանի շրջանի Սառնաղբիւր գիւղին մէջ ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով 5 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, որոնցմէ երեքը՝ երեխաներ։ 15-ը վիրաւորուած են, 4-ը գերեվարուած են Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու կողմէն։